Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբը պիտի գլխաւորէ Թոմաս Թուխելը:
Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտը փարիզեան ակումբին հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Թուխել մարզիչի իր ասպարէզին սկսաւ Օկզպուրկի հետ, ապա եղաւ նաեւ Մայնց-05-ի եւ Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ:
Սեն Ժերմենի այժմու մարզիչն է Ունայ Էմերի, որ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց` ձեռք ձգելով Ֆրանսայի ախոյեանութիւնն ու բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը:



