Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդական հաւաքականը 12-13 մայիսին Լաթվիոյ Քաունաս քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին:
66 քկ դասակարգին մէջ, Մերուժան Սարգսեան արձանագրելով 5 յաղթանակ, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 24 երկիրներէ 345 մարզիկներ:
Այժմ Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ յատուկ հաւաքի մը, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը: