Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դարձեալ կը մասնակցի Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ 28 մայիսէն 8 յունիս տեղի ունենալիք «Նորուէյ Չես»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին:
Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է:
Նշենք, որ անոր մրցակիցներուն շարքին պիտի ըլլան աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, աշխարհի նախկին ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ եւ ուրիշներ:
Այս մրցաշարքը 2017-ին մասնակցողներու վարկանշային դրութեամբ ճատրակի աշխարհի ամէնէն զօրաւորագոյն մրցաշարքը հանդիսացաւ:



