Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ:
Անսարի կրտսերներու խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ հինգ հաւասարութիւն:
Աւարտին, յաղթական խումբին տիտղոսը յանձնեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անդամ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան: