Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու կազմը տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով յաղթելէ ետք Աթլեթիքօ Ժիպէյլի:
Մրցումը նոյնիսկ երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Ալեն Աուն, Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ եւ այլ անդամներ, որոնք աւարտին կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Իթթիհատ Ըտէյսէ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Պեքաային: