Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Եօթներորդ Ճակատագրական Մրցումը, Ուր Կը Յստականայ Լիբանանի Ախոյեանին Անունը

May 15, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած մարաթոն մրցումէ մը ետք, ի վերջոյ աւարտեցաւ Ռիատի – ՀՄԸՄ վեցերորդ մրցումը, քանի մը անգամ ընդմիջուելէ ետք:

Ռիատիի կատղած եւ վայրենի համակիրները (բառին բուն իմաստով) արգելք հանդիսացան մրցումին հեզասահ ընթացքին` դէպի դաշտ թմբուկ հարուածելու երկաթէ ձողեր եւ տախտակներ նետելով:

Մարզիկներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով, ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները երկու անգամ քաշուեցան մրցումէն եւ ուղղուեցան հանդերձարան:

Զարմանալիօրէն, այլ առիթներու, երբ նմանօրինակ դէպքեր կը պատահէին, օրուան իրաւարարները, ընդառաջելով հիւր խումբին խնդրանքին եւ ի տես մարզիկներուն կեանքին ապահովութեան, կը պահանջէին, որ հիւրընկալ խումբին համակիրները պարպեն դաշտը:

Սակայն երէկ իրաւարարները զարմանալիօրէն դարձեալ եղան Ռիատիի կողքին անոր համակիրներէն չպահանջեցին պարպել դաշտը:

PROFOTO

Յամենայն դէպս, մրցումը քանի մը անգամ ընդմիջուելէ ետք, շարունակուեցաւ եւ աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 90-86 արդիւնքով (24-15, 15-21, 28-24 եւ 23-26):

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիատի յաջողեցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը 3-3:

Իւրաքանչիւր խումբ իր դաշտին վրայ արձանագրեց երեք յաղթանակ:

Այս իրողութենէն մեկնելով եւ թուաբանական հաշիւներ կատարելով, պէտք է նշել, որ այսօրուան եօթներորդ մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ը:

Այս ճակատագրական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ժամը 22:00-ին:

Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` յաղթելու համար Ռիատիին եւ անոր օգնական իրաւարարներուն, որոնք կը կատարեն ակներեւ եւ կոպիտ սխալներ` ՀՄԸՄ-ի դէմ:

Սակայն այն, ինչ որ կատարեցին Ռիատիի համակիրները, կը մնայ անոնց վայել` իբրեւ անքաղաքակիրթ համակիրներ: Ռիատիի մարզիկ Ալի Հայտար մրցումէն ետք ակնարկելով ակումբին համակիրներուն պահուածքին, նշեց. «Ամօ՛թ այսպիսի համակիրներու»:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները այսօր պիտի մնան օրինակելի, պիտի քաջալերեն իրենց կազմը եւ միասնաբար պիտի կերտեն ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին յաղթանակը` բարձրացնելով ախոյեանութեան բաժակը:

PROFOTO
Նախորդը

Սարգիս Տօնապետեան Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2018)

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.