Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ը` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեան

Մայիս 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ձգտող եւ այդ նպատակին համար ջանք ու ճիգ թափող ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբի նպատակը երէկ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, երբ ան 74-59 արդիւնքով տապալեց իր մրցակից խումբը` Ռիատի Պէյրութը:

Յետմիջօրէի կանուխ ժամերէն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի հազարաւոր համակիրները արդէն իսկ լեցուցած էին «Աղբալեան- ՀՄԸՄ»- մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտը:

Ժամեր շարունակ անոնք երգեցին եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ իրենց խումբը քաջալերող կանչերով թնդացուցին համալիրը:

Քանի մը ժամ ետք կերտուելիք յաղթանակին նշոյլները արդէն ուրուագծուած էին:

Կանխատեսումները ճիշդ դուրս եկան, ՀՄԸՄ-ի կազմը հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռիատի Պէյրութի դէմ` ինքնավստահ քայլերով եւ արհեստավարժ խաղարկութեամբ դառնալով Լիբանանի ախոյեան:

Յաղթանակի կերտումէն ետք ՀՄԸՄ-ի հազարաւոր համակիրներուն ժամադրավայրը դարձաւ Պուրճ Համուտը, ուր «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն եւ հրավառութիւն:

Տօնախմբութեան ներկայ էին, բացի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներէն եւ մարզական պատասխանատուներէն, նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը եւ նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը:

Յաղթանակի տօնախմբութիւնը իսկական հարսանիք մըն էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար, որոնք ջերմօրէն դիմաւորեցին նաեւ «Արին» կեդրոն ժամանած ախոյեան խումբը` հեռուէն փայլփլող ախոյեանութեան բաժակով:

Տօնակատարութիւնը եւ հազարաւոր համակիրներու ու շրջանի հայութեան սրտերը ուրախութեամբ լեցնող ինքնաբուխ այս հաւաքը տեւեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին մանրամասնութիւններուն, անիկա սկսաւ կատարեալ կարգապահութեամբ, առանց մրցակից խումբի մարզիկներուն ապահովութեան դէմ որեւէ սպառնալիքի, ինչ որ չէր իրավիճակը օր մը առաջ Մանարայի մէջ:

Նախորդ օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած վեց մրցումներուն երկու խումբերէն իւրաքանչիւրը իր դաշտին վրայ կատարած երեք մրցումներուն արձանագրեց երեքական յաղթանակ` բնականաբար օգտուելով իր համակիրներուն հաղորդած կորովէն:

Մինչ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտին վրայ տիրական ներկայութիւն եղան, անդին անոնք թրիպիւններուն վրայ ունեցան իրենց զօրաւոր բանակը` համակիրները, որոնք եղան տէրն ու տիրականը իրենց կազմին եւ միասնաբար հանդիսացան ախոյեան` ջրելով ֆետերասիոնի այն մտավախութիւնները, որ մրցումը կրնայ այլ տեղ աւարտիլ եւ ոչ թէ դաշտին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի արձանագրուած արդիւնքին, ՀՄԸՄ 4-3 գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան… բառին բուն առումով:

Մրցումին չորս քորթըրներուն արդիւնքները հետեւեալներն էին` 22-21, 15-9, 18-9, 19-20:

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սեմ Եանկ (21 կէտ, 10 ռիպաունտ): Ինչպէս բոլոր մրցումներուն, այս մրցումին եւս փայլելով Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 18 կէտ, Մաքրամ պըն Ռամատան` 14 կէտ, Իսմայէլ Ահմետ` 8 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:

Մրցումը ընթացաւ հեզասահօրէն, հակառակ անոր որ Ռիատիի մարզիչն ու պատասխանատուները, իրաւարարներու կողմէ ճշդուած, սակայն իրենց հաշուոյն չեկող իւրաքանչիւր վճիռի դէմ կը բողոքէին, շատ հաւանաբար հարցեր ստեղծելու համար` վստահելով ներքին ապահովութեան ուժերու մեծ թիւին, որ ողողած էր դաշտը:

Սակայն անոնք դարձեալ չյաջողեցան, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի կազմը եւ բոլոր համակիրները վճռած էին ամէն գնով յաղթել իրենց մրցակիցին:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին ինքզինք պարտադրելով կրցաւ տուպլէ մը իրագործել` տիրանալով ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:

Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայիմ եւ Զիատ Թաննուս:

Մրցումին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսար:

Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա մետալները յանձնեց մարզիկներուն, իսկ ախոյեանութեան բաժակը` ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանին:

Շնորհաւորութիւններ` ՀՄԸՄ-ի տղոց ախոյեան խումբին եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Բակօ Սահակեան Ու Մովսէս Յակոբեան Քննարկեցին Բանակաշինութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Մայիս 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?