Ծանր հիւանդութենէ մը ետք մահացաւ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան իր կեանքին ընթացքին ստանձնած է տարբեր պաշտօններ: Եղած է վաստակաւոր մարզիչ, սամպոյի եւ ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի հիմնադիր-տնօրէն, արցախեան ազատագրական շարժումի եւ պատերազմի մասնակից, զինուած ուժերու գնդապետ եւ նուիրեալ հայրենասէր:



