Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան կը շարունակէ արդիւնաւէտ խաղ ցուցադրել Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
25-րդ հանգրուանին, Փրոկրես Նիտերքոռն Կարապետեանի հեթրիքին շնորհիւ (7-րդ, 79-րդ եւ 82-րդ) իր դաշտէն դուրս 6-1 արդիւնքով յաղթեց Հոսթերթի:
30 տարեկան Կարապետեան, որ նախորդ հանգրուանին եւս հեթ-թրիք մը իրագործած էր, այժմ կը գրաւէ երկրին կոլսքորըրներու դասաւորման առաջին դիրքը` 28 կոլով:
Անոր կազմը այժմ 60 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ 5 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Տիստելանժէն:



