«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած Պարսելոնա – Քաթալոնիա կրան փրիին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, առաջին հանդիսացաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 35′ 29″ արդիւնք մը:
Հեմիլթըն, որ այժմ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 95 կէտ, այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ կրան փրին ըլլալով հանդիսացաւ առաջին:
Գործող ախոյեանին ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս (20″ ուշ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ռետ-Պուլ»-ի հոլանտացին` Մաքս Վերսթափեն (26″ ուշ):
Մրցումին սկիզբը, առաջին իսկ լեփին (ընդամէնը` 66 լեփ), բաւական զօրաւոր արկած մը պատահեցաւ երեք վարորդներու միջեւ, որոնք բնականաբար կրան փրին կիսատ ձգեցին:
Առաջին լեփին երեք այլ վարորդներ եւս կրան փրին չկրցան շարունակել: Անոնց կարգին էր «Ֆեռարի»-ի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն: