Աշխարհի ֆութպոլի գործող ախոյեան, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` Եոաքիմ Լոյեւ, 2 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտին համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Նոյն ձեւով պայմանագրութիւններ կնքեցին անոր երկու օգնականները` Թոմաս Շնայտըր եւ Անտրէաս Քէօփքէ:
58 տարեկան Լոյեւ 2006-էն ի վեր Գերմանիոյ մարզիչն է: