Մարզական

5 Թեկնածու` Զիտանի Պաշտօնը Ստանձնելու Համար

Հաղորդած էինք, որ 31 մայիսին Զինետին Զիտան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ Ռէալ Մատրիտի խումբին մարզիչի իր պաշտօնը: Թէեւ այդ մէկը բոլորին համար եղաւ անակնկալ մը, սակայն` նկատի ունենալով, որ ատիկա արդէն իրողութիւն է, արքայական ակումբը սկսաւ նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին: Ակումբին կողմէ առաջադրուած են հինգ թեկնածուներ, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Զիտանին յաջորդը: Այդ հինգ անձերն են. Մաուրիցիօ...

Ապրամովիչ Կը Մտադրէ Ծախել Չելսին

Ռուս միլիառատէր Ռոման Ապրամովիչի ապագան` լոնտոնեան Չելսիին սեփականատիրոջ հարցին առնչութեամբ, հարցականի տակ է: Անգլիոյ իշխանութիւնները չերկարաձգեցին Ապրամովիչի կեցութեան արտօնագիրը: Լոնտոնեան ակումբը արդէն իսկ սառեցուցած է «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մարզադաշտին վերակառուցման նախագիծը, որ պիտի ունենար 570 միլիոն եւրօ ներդրում: «Տը Թայմզ»-ի տուեալներով, Ապրամովիչ պատրաստ է ծախել ակումբը, եթէ գտնէ յաճախորդ մը, որ պիտի վճարէ 1,2 միլիառ եւրօ: 15 տարուան ընթացքին ան Չելսիի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Վաղը` Լիբանանի Լողարշաւի Բաց Ախոյեանութիւնը

Հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` կիրակի, 3 յունիսին, Ժունիէի Ծոցի շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 15 տարեկան եւ վար, 16-էն 20 տարեկան, 21-էն 39 տարեկան, 40-էն 49 տարեկան եւ 50 տարեկան եւ վեր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումները: Պիտի կատարուին 1, 3 եւ 6 քիլոմեթրի մրցումներ` գործակցութեամբ...

Նեպիլ Պատըր Որոշեց Անսար Ակումբի Նախագահ Մնալ

Աւելի քան 15 օրէ ի վեր Անսար ակումբը կը դիմագրաւէր ներքին հարցեր, որոնց լոյսին տակ կը խօսուէր, որ ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըր չ՛ուզեր մնալ իր պաշտօնին վրայ: Շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ ան պիտի հեռանայ իր վարած պաշտօնէն: Կատարուեցան միջամտութիւններ` փորձելու համար համոզել զինք հրաժարելու իր մտադրութենէն: Նոյնիսկ խօսուեցաւ, որ փրկելու համար կացութիւնը, ակումբի նախկին նախագահ Սելիմ Տիապ ինք...

Դահուկարշաւ. Ֆրանսացի Վիքթոր Ժանտիէ Հասաւ Լիբանան

Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ ֆրանսացի դահուկորդ Վիքթոր Ժանտիէ, որ երեք օր Լիբանան պիտի մնայ` լիբանանցի դահուկարշաւի ախոյեան Քրիսթինա Ամիտ Պարուտիի յատուկ հրաւէրով: Ան օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներուն, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն եւ մարզական աշխարհին մէջ յայտնի այլ անձնաւորութիւններու կողմէ: Այս առիթով Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ յունշանուէր մը յանձնեց ֆրանսացի դահուկորդին:

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Մնաց Նոյն Դիրքին Վրայ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած յունիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց 12-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2764 կէտ: Հոկտեմբեր 2015-էն ի վեր Արոնեան դուրս կը մնայ առաջին տասնեակէն: Այս տարուան ընթացքին (մարտին) աշխարհի ախոյեանի յաւակնորդներու մրցաշարքին (Պերլինի մէջ) ան արձանագրած էր ձախող արդիւնքներ: Ստորեւ` առաջին 10-ին դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Մակնիւս...

Շիրակ Հրաժարեցաւ Եւրոպայի Լիկային Մասնակցելէ

Շիրակ Գիւմրիի նախագահ Արման Սահակեան յայտարարեց, որ ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութենէն քաշուելէ բացի, կը հրաժարի նաեւ` Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն մասնակցելէ: «Շիրակ Հայաստանի ախոյեանութեան կը վերադառնայ միայն այն ժամանակ, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Մեր ֆութպոլիստներուն պիտի օգնենք, որպէսզի նոր ակումբներ գտնեն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ արտասահմանի մէջ: «Կը հրաժարինք 2018-2019 տարեշրջանին Եւրոպայի լիկային...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը, Արձանագրելով` 124-114 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

Լեպրոն Ճէյմս Երէկ սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու ախոյեանները` վճռելու համար ախոյեանին անունը: Առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով: Վերջինս երկարաձգումէն ետք միայն 124-114 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քլիվլենտ Քաւալիրզին (30-29, 26-27, 22-28, 29-23 եւ 7-17): Երկրորդ մրցումը եւս տեղի...

Պենզեմա Խստօրէն Քննադատեց Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը

Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի դիմաց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին դռները փակուեցան` նկատի ունենալով, որ ան խստօրէն քննադատեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոելը Կրէն: Վերջերս իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին մեկնաբանելով այն փաստը, որ Պենզեմա արդէն իսկ երեք տարիէ ի վեր չի հրաւիրուիր ազգային խումբ, Լը Կրէ կարծիք յայտնած էր, որ ներկայիս հաւաքականը որոշակի խաղաոճ որդեգրած...

Չելսի Սառեցուց Իր Նոր Մարզադաշտին Կառուցումը

Չելսի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նոր մարզադաշտին կառուցման աշխատանքները այժմ դադրած են: Ակումբին համաձայն, նման որոշում կապուած է ոչ բաւարար ներդրումի տարեշրջանին հետ, որ կայ ներկայիս: Ապագային Չելսի չի պատրաստուիր աշխատանքներու ծրագիր ներկայացնելու: Այս նոր մարզադաշտը պէտք էր կառուցուէր ներկայի «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ին տեղ: Կը նախատեսուէր անոր աթոռներուն թիւը 41 հազարէն բարձրացնել 60 հազարի:

Աթլեթիքօ Պիլպաօ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Տարեշրջանի աւարտէն ետք, եւրոպական յառաջատար ախոյեանութիւններու ակումբներուն մէջ տեղի կ՛ունենան մարզիչներու փոփոխութիւններ: Սպանական Սեւիլլայի նախկին մարզիչ Էտուարտօ Փերացիօ նշանակուեցաւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի մարզիչ: Արժանթինցիին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2019: Նշուեցաւ, որ թէեւ նախորդ աշնան 48 տարեկան Փերացիոյի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերուած է, սակայն ան յաջողած է յաղթահարել այդ հիւանդութեան, մնալ զօրաւոր եւ դարձեալ մարզիչի պաշտօնը շարունակել:  

Ռամոս Եւ Անոր Ընտանիքը Բազմաթիւ Սպառնալիքներ Ստացած Են

Սպանական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ - Լիվըրփուլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը վերջ գտնելէ ի վեր, Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոսին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դէմ հեռաձայնային կապով մահուան սպառնալիքները չեն դադրիր: Անոնք բոլորն ալ ստիպուած եղած են իրենց անձնական հեռաձայններուն թիւերը փոխել: Կը նշուի, թէ այդ սպառնալիքներուն պատճառը այն է, որ իբրեւ թէ...

Դահուկարշաւ. Ֆրանսայի Ախոյեան Վիքթոր Ժանտիէ Այսօր Կը Ժամանէ Լիբանան

Յատուկ հրաւէրով գործարար Ամիտ Պարուտիի եւ գործակցութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, ֆրանսացի դահուկարշաւի ախոյեան Վիքթոր Ժանտիէ եռօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ Լիբանան: Ան յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, կը հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր պատուոյ սրահին մէջ պիտի դիմաւորուի Լիբանանի ողիմպիականի անդամներուն, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ Շարպել Սալամէի եւ այլ անդամներու կողմէ: Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը այս առիթով պիտի հրապարակէ յատուկ յայտագիր մը:

Պասքեթպոլ. Մեծաթիւ Մարզիկներ Մասնակցեցան Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբին Փորձառական Փորձերուն

Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը կազմելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ձեռնարկեց յատուկ փորձառական փորձերու (թրայ-աութ), որոնք տեղի ունեցան Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ)` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ճօ Մուժահեզի: Անոր ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին նախագահը` Աքրամ Հալապի եւ անդամներ Սելիմ Ֆաուալ եւ Մարուն Ժըպրայել: Լիբանան պիտի փորձէ լաւ խումբ մը կազմել` նկատի ունենալով որ յառաջիկայ 5-11...

Զինետին Զիտան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Երէկ յետմիջօրէին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան ներկայացուց իր հրաժարականը: «Այս խումբը պիտի շարունակէ յաղթել, հոն պէտք է ըլլան փոփոխութիւններ: Շատ շնորհակալ եմ բոլորէն արքայական ակումբին մարզիչի պաշտօնը ինծի վստահելնուն համար: Շատ ուրախ եմ, որ խումբին հետ յաջողութիւններու հասայ եւ ձեռք ձգեցի կարեւոր նուաճումներ», ըսաւ Զիտան: Նշենք, որ ֆրանսացի մասնագէտը, որ արքայական ակումբը գլխաւորեց յունուար...

Պասքեթպոլ.  «Էն. Էս. Էյ.»-ի Մրցաշարքը Թեւակոխեց Իր Երրորդ Շաբաթը

Պասքեթպոլ. «Էն. Էս. Էյ.»-ի Մրցաշարքը Թեւակոխեց Իր Երրորդ Շաբաթը

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Սփորթց Մանիա ընկերութեան, «Էն. Էս. Էյ.»-ի (Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի) պասքեթպոլի մրցաշարքը, նուիրուած` Ռոնի Ապու Ժաուտէի յիշատակին, թեւակոխեց իր երրորդ շաբաթը: Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Ռըսոլ Ժունիէի դաշտին վրայ` 18 տարեկանէն վար դասակարգին համար: Անոր մասնակցող խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի: Ա. խմբակին մէջ, պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ռիատի, Բ. խմբակին մէջ` Հուփս, Գ....

2018-ի Մոնտիալ. Սալահ Պիտի Մասնակցի Ռուսիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումին

Անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին: Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Հենի Ռիատ յայտարարեց, որ Սալահ բաւական ապաքինած ըլլալով, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ դէմ կատարուելիք մրցումին (19 յունիսին): Սակայն ան դժուար թէ կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Եգիպտոս - Ուրուկուէյ մրցումին (15 յունիս):  

Թենիս. «Ռոլան Կարոս» Խաչանովի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Կարէն Խաչանովի յաղթարշաւը կը շարունակուի: Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին Ռուսիոյ 2-րդ դասուած թենիսիմենը 22 տարեկան Խաչանով, 3 ժամ 12 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք յաղթեց սպանացի Կիլերմօ Կարսիա Լոփեսին` 6-2, 7-6, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով: Գ. հանգրուանին իր տոմսը ապահովեց նաեւ Ֆերնանտօ Վերտասքօ...

Ֆրանք Լամփար Նշանակուեցաւ Տերպիի Մարզիչ

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար նշանակուեցաւ Տերպի Քաունթիի գլխաւոր մարզիչ: Լուրը կը հաղորդէ ակումբին պաշտօնական կայքը: 39 տարեկան անգլիացին, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Տերպիի հետ, առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը ստանձնէ մարզիչի պաշտօն մը: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց փետրուար 2017-ին` մաս կազմելէ ետք շարք մը ակումբներու: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային...

Ճոն Թերի Հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յետսապահ Ճոն Թերի հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն: Այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբի պաշտօնական կայքը: Անգլիական մամուլին համաձայն, 37 տարեկան Թերի իր կազմը լքեց, որովհետեւ խումբը չկրցաւ բարձրանալ «Փրեմիեր-լիկ»: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան անոր կազմը յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ փլէյ-օֆի մրցումներուն, սակայն պարտուելով Ֆուլհեմէն (1-0), չկրցաւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար բարձրանալ «Փրեմիեր լիկ»: Ան 1998-էն 2017 մաս կազմած է Չելսիի,...

Page 834 of 1278 1 … 833 834 835 … 1,278

Արխիւներ