Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ ֆրանսացի դահուկորդ Վիքթոր Ժանտիէ, որ երեք օր Լիբանան պիտի մնայ` լիբանանցի դահուկարշաւի ախոյեան Քրիսթինա Ամիտ Պարուտիի յատուկ հրաւէրով:
Ան օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներուն, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն եւ մարզական աշխարհին մէջ յայտնի այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:
Այս առիթով Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ յունշանուէր մը յանձնեց ֆրանսացի դահուկորդին: