Անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին:
Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Հենի Ռիատ յայտարարեց, որ Սալահ բաւական ապաքինած ըլլալով, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ դէմ կատարուելիք մրցումին (19 յունիսին):
Սակայն ան դժուար թէ կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Եգիպտոս – Ուրուկուէյ մրցումին (15 յունիս):