Հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` կիրակի, 3 յունիսին, Ժունիէի Ծոցի շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 15 տարեկան եւ վար, 16-էն 20 տարեկան, 21-էն 39 տարեկան, 40-էն 49 տարեկան եւ 50 տարեկան եւ վեր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումները:
Պիտի կատարուին 1, 3 եւ 6 քիլոմեթրի մրցումներ` գործակցութեամբ «Լուիս Պազ Սփորթց Էնտ Իվենթց» ընկերութեան: