Երէկ յետմիջօրէին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան ներկայացուց իր հրաժարականը:
«Այս խումբը պիտի շարունակէ յաղթել, հոն պէտք է ըլլան փոփոխութիւններ: Շատ շնորհակալ եմ բոլորէն արքայական ակումբին մարզիչի պաշտօնը ինծի վստահելնուն համար: Շատ ուրախ եմ, որ խումբին հետ յաջողութիւններու հասայ եւ ձեռք ձգեցի կարեւոր նուաճումներ», ըսաւ Զիտան:
Նշենք, որ ֆրանսացի մասնագէտը, որ արքայական ակումբը գլխաւորեց յունուար 2016-ին, անոր հետ տիրացաւ շարք մը տիտղոսներու:
Այդ տիտղոսներն են «Չեմփիընզ լիկ» (3 անգամ), «Լա լիկա» (1 անգամ), Սպանիոյ գերբաժակակիր (1 անգամ) եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեան (2 անգամ):