Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը կազմելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ձեռնարկեց յատուկ փորձառական փորձերու (թրայ-աութ), որոնք տեղի ունեցան Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ)` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ճօ Մուժահեզի:
Անոր ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին նախագահը` Աքրամ Հալապի եւ անդամներ Սելիմ Ֆաուալ եւ Մարուն Ժըպրայել:
Լիբանան պիտի փորձէ լաւ խումբ մը կազմել` նկատի ունենալով որ յառաջիկայ 5-11 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պանքոքի մէջ (Թայլենտ) տեղի ունենալիք 18 տարեկանէն վար Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Կը կարծուի, թէ շուտով պիտի յայտարարուին անունները այն 24 մարզիկներուն, որոնք մաս պիտի կազմեն Լիբանանի խումբին:



