Լոնտոնեան Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար նշանակուեցաւ Տերպի Քաունթիի գլխաւոր մարզիչ: Լուրը կը հաղորդէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
39 տարեկան անգլիացին, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Տերպիի հետ, առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը ստանձնէ մարզիչի պաշտօն մը:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց փետրուար 2017-ին` մաս կազմելէ ետք շարք մը ակումբներու:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ (1999-2014) ան մասնակցած է 106 մրցումի` նշանակելով 29 կոլ: