Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Նէօյըր Ընդգրկուեցաւ Գերմանիոյ Կազմին Մէջ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, որ հրապարակեց 2018-ի մոնտիալին մասնակցող իր վերջնական կազմը, որոշեց նկատի առնել Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրը, հակառակ անոր որ ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նախորդ տարեշրջանին ընդհանրապէս բացակայեցաւ ֆութպոլի դաշտերէն: Հակառակ անոր որ Նէօյըր բաւական փորձառու բերդապահ մըն է, բայց պիտի կարենա՞յ պաշտպանել իր բերդը (եթէ ըլլայ հիմնական բերդապահ)` նկատի առնելով, որ ամիսներէ ի...

Ալլեկրի Հրաժարեցաւ Գլխաւորել Ռէալ Մատրիտը

Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի չգլխաւորէ Ռէալ Մատրիտը, յայտնեց «Թութթօ-Սփոր»-ը: Նշեալ աղբիւրին համաձայն, արքայական ակումբը կ՛ուզէ, որ Ալլեկրի ըլլայ Զինետին Զիտանը փոխարինողը, սակայն իտալացին մերժեց այդ առաջարկը: Ան խոստացաւ տարեշրջան մը եւս մնալ Եուվենթուսի հետ: Շատ հաւանական է, որ 2019-2020 տարեշրջանին ան ըլլայ Ռէալ Մատրիտի մարզիչը, իսկ Զիտան... Եուվենթուսի մարզիչ:

Միջազգային Ֆութպոլ.  Հայաստան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Հաւասարութիւնը` Այս Անգամ 0-0 Արդիւնքով

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Հաւասարութիւնը` Այս Անգամ 0-0 Արդիւնքով

Աւստրիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան Հայաստանի եւ Մոլտովայի ազգային հաւաքականները: Հայաստան, որ իր կատարած մէկ այլ բարեկամական մրցումին ընթացքին (29 մայիսին) 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն հաստատած էր Մալթայի հետ, երէկ եւս իր այս հանդիպումը աւարտեց կոլազուրկ հաւասարութեամբ մը: 34-րդ վայրկեանին Կարլեն Մկրտչեանի հարուածը թէեւ դպաւ մրցակից մարզիկի մը ձեռքին, սակայն օրուան...

Պասքեթպոլ. 21-23 Յունիսին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Քառանդամ Մրցաշարքին Պատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Մասնակցող երկիրները պիտի ըլլան Հայաստանի, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբերը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի ընդհանուր պատասխանատու Ֆուատ Ժըրժես յայտարարեց, որ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ (անոր կայացման թուականին մասին պիտի յայտարարուի շուտով) տեղի...

Այնճարի Մէջ.  Նահատակ Պետիկ Ինճէեանի Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցում

Այնճարի Մէջ. Նահատակ Պետիկ Ինճէեանի Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցում

Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցը այս տարի իւրայատուկ ձեւով նշուեցաւ Այնճարի մէջ: Արդարեւ հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, շրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ֆութպոլի մրցում մը` նուիրուած Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին: Մրցումը կը համախմբէր ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի անդամներն ու ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի խումբը: Մրցումը խորհրդանշական բնոյթ ունէր անոր համար, որ...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Յատուկ ժողով մը գումարելով` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող կարգ մը հարցեր եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ: Յայտարարուեցաւ, որ 5-12 յուլիսին, հսկողութեամբ ֆետերասիոնին տեղի պիտի ունենան մարզիչի Ա. կարգի դասընթացքներ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ, որ կը նկատուի ֆետերասիոնին նստավայրը: Ֆետերասիոնը մերժեց ընդունիլ Լեռնալիբանանի նահանգին փոխնախագահ Քրիսթիան Ղոշի ներկայացուցած հրաժարականը` նկատի ունենալով, որ ան յստակ պատճառ...

Ըստ Պարսելոնայի Նախագահին. «Տեմպելէ Եւ Քութինիօ Կարեւոր Են Խումբին Համար»

Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց, ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ եւ պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիօ պիտի հեռանան խումբէն: «Անոնք երկուքն ալ կարեւոր են խումբին համար, որովհետեւ անոնց վրայ դրուած են մեծ յոյսեր` յառաջիկայ կարեւոր նուաճումներ ձեռք ձգելու համար: Առաջին տարուան ընթացքին քիչ մը դժուար է յաջողութիւններու հասնիլ, որովհետեւ Պարսելոնայի խաղաոճը տարբեր է միւս խումբերէն», ըսաւ Փարթոմէու:...

Պասքեթպոլ. Քասլիքի «Էյ. Եու. Էլ.» Համալսարանը` Տիտղոսակիր

Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած լիբանանեան համալսարաններու պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան: Քասլիքի «Էյ. Եու. Էլ.» համալսարանը դարձաւ տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին յաղթեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին` 92-88 արդիւնքով: Մրցումին լաւագոյն մարզիկը հանդիսացաւ «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-էն Ժերար Հատիտեան, որ նշանակեց 35 կէտ, մինչ յաղթական կազմին մարզիկներէն Ժորժ Իվ Տաապուլ...

Էլիաս Հաժ Պարգեւատրուեցաւ Չինաստանի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանէն Պէյրութ վերադարձաւ «Քլաս սփոր» ընկերութեան սեփականատէր Էլիաս Հաժ, որ Փեքինի մէջ պարգեւատրուեցաւ միջազգային «Փիք» ընկերութեան համաժողովին ընթացքին: Ան ստացաւ «Պեսթ թրանսֆորմէյշըն»-ի յատուկ մրցանակին «Ոսկեայ կօշիկը»` միջազգային մարզաշխարհին մէջ իր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ իր ունեցած բազմաթիւ ձեռքբերումներուն համար:  

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Թիւ 1 Դասուած Մարզիկները` Յաղթական

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Թիւ 1 Դասուած Մարզիկները` Յաղթական

Սերենա Ուիլիըմզ Քաշուեցաւ Մրցաշարքէն Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ Դ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց գերմանացի Մաքսիմիլիան Մարթերերի դէմ` 6-3, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 5-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, 9-րդ դասուած ամերիկացի Ճոն Այզնըրի դէմ` 6-4, 6-4...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 4 յունիսին տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին երկարաձգումէն ետք 124-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթելով այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը: Երէկուան մրցումը աւարտեցաւ 122-103 արդիւնքով (28-32, 18-27, 34-31, 23-32): Երրորդ...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիոյ Մէջ Ռոնալտոյի Պիտի Ընկերակցին Երկու Թիկնապահներ

Անգլիական «Միրըր» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին ընթացքին, Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին պիտի ընկերակցին երկու թիկնապահներ: Անոնցմէ մէկն է «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ Կոնզալօ Սալկատօ, իսկ միւսը, նախկին ցլամարտիկ Նունու Մարեքոշ: Վերջինս արդէն իսկ Ռոնալտոյին հետ էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի աւարտականին` Քիեւի մէջ: 2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսէն 15...

Նասրի Լահուտ Այցելեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.» Համալսարան

Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին նախագահ Նասրի Լահուտ, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց «Էյ.Եու.Էս. Թի.» համալսարան, ուր տեսակցեցաւ համալսարանին փոխնախագահ Ռիատ Սաքըրի: Լահուտ իր այս այցելութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնեց «Էյ.Եու.Էս.Թի.» համալսարանին, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կ՛ունենայ տարիներէ ի վեր համալսարաններու միջեւ կայացող ախոյեանութիւններուն եւ տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն: Հանդիպումին աւարտին Լահուտ յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Սաքըրը:

Միջազգային Ֆութպոլ. Այսօր` Հայաստան – Մոլտովա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Աւստրիոյ մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 4 յունիսին պիտի կատարէ իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, այս անգամ Մոլտովայի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի  ժամանակացոյցով: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը 29 մայիսին Աւստրիոյ մէջ կատարեց բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մալթայի հետ (1-1): Կ՛ակնկալուի, որ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ախա Ահլի Ալէյ Երկարաձգեց Մոհամետ Համուտի Պայմանագրութիւնը

Լիբանանի  ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ախա Ահլի Ալէյ նախորդ շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ երկարաձգեց պայմանագրութիւնը իր մարզիկին` Մոհամետ Համուտի հետ: Ան նշեց, որ գոհ է ելոյթներէն: Նշենք, որ Համուտ երկու տարեշրջան առաջ Սաֆայէն միացաւ Ախա Ահլի Ալէյի:  

Թենիս.  Խաչանով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Պարտուելէ Ետք Զվերեւէն

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Պարտուելէ Ետք Զվերեւէն

Թենիսի Ռոլան Կարոսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Կարէն Խաչանով չկրցաւ շարունակել իր պայքարը, երբ դժուարութեամբ պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Կարէն Խաչանով Ռուսիոյ 2-րդ դասուած թենիսմենը` Կարէն Խաչանով, Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-3, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 15-րդ դասուած ֆրանսացի Լուքա Փուին: Դ. հանգրուանին,...

Ճատրակ. Արոնեան Արձանագրեց Իր Չորրորդ Հաւասարութիւնը

Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքի 6-րդ  հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ, արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 28-րդ շարժումին: Այսպիսով, Արոնեան ապահովեց մրցաշարքի իր երրորդ կէտը: Նախորդ հանգրուաններուն, հայրենի կրանտամասթըրը հաւասարութիւններ արձանագած էր աշխարհի հնդիկ նախկին ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի, ամերիկացի Ուեսլի Շոյի եւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ,...

«Կլորի-54». Յարութ Գրիգորեանի Յաղթանակը` Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Դէմ

Անգլիոյ Պիրմինկհեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քիք-պոքսինկի «Կլորի-54» մենամարտին, կէս-միջին քաշային կարգի գօտիին տէրն ու տիրականը` Յարութ Գրիգորեան (48 յաղթանակ, 33-ը` նաք-աութով, 11 պարտութիւն), երէկ պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի զօրաւոր մարզիկ նկատուող Ալիս Նապիեւը: Հայ մազիկը իր այս յաղթանակը նուիրեց հայ ժողովուրդին եւ Արցախին:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Յետաձգեց Իր Տարեկան Համաժողովը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ նիստին ընթացքին որոշեց յետաձգել իր տարեկան համաժողովը: Անիկա սկզբունքով տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 8 յունիսին, բայց այժմ յետաձգուեցաւ 30 յունիսին: Այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Գիւմրիի Շիրակը պահանջեց փոխել 8 յունիսին կայանալիք ժողովին օրը, որովհետեւ ֆետերասիոնը տեղեակ չէր պահած ակումբը այդ օրուան ժողովի կայացման գծով: Ըստ ֆետերասիոնին կանոնագիրին, գործադիր կոմիտէն ժողովի կայացման թուականէն...

Պարսելոնա Երկարաձգեց Ումթիթիի Պայմանագրութիւնը

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Պարսելոնա նշեց, որ երկարաձգեց պայմանագրութիւնը ակումբի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթիի հետ: Նոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2023-ին: Պարսելոնա ամիսներ շարունակ կը փորձէր համաձայնութեան գալ ֆրանսացի ֆութպոլիստին հետ:

Page 833 of 1278 1 … 832 833 834 … 1,278

Արխիւներ