Յատուկ հրաւէրով գործարար Ամիտ Պարուտիի եւ գործակցութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, ֆրանսացի դահուկարշաւի ախոյեան Վիքթոր Ժանտիէ եռօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ Լիբանան:
Ան յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, կը հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր պատուոյ սրահին մէջ պիտի դիմաւորուի Լիբանանի ողիմպիականի անդամներուն, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ Շարպել Սալամէի եւ այլ անդամներու կողմէ:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը այս առիթով պիտի հրապարակէ յատուկ յայտագիր մը: