Ռուս միլիառատէր Ռոման Ապրամովիչի ապագան` լոնտոնեան Չելսիին սեփականատիրոջ հարցին առնչութեամբ, հարցականի տակ է: Անգլիոյ իշխանութիւնները չերկարաձգեցին Ապրամովիչի կեցութեան արտօնագիրը:
Լոնտոնեան ակումբը արդէն իսկ սառեցուցած է «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մարզադաշտին վերակառուցման նախագիծը, որ պիտի ունենար 570 միլիոն եւրօ ներդրում:
«Տը Թայմզ»-ի տուեալներով, Ապրամովիչ պատրաստ է ծախել ակումբը, եթէ գտնէ յաճախորդ մը, որ պիտի վճարէ 1,2 միլիառ եւրօ:
15 տարուան ընթացքին ան Չելսիի մէջ ծախսած է 1.14 միլիոն եւրօ, որուն վրայ պէտք է աւելցնել 160 միլիոն եւրօ, 2003-ին Չելսին գնելու համար: