Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի դիմաց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին դռները փակուեցան` նկատի ունենալով, որ ան խստօրէն քննադատեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոելը Կրէն:
Վերջերս իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին մեկնաբանելով այն փաստը, որ Պենզեմա արդէն իսկ երեք տարիէ ի վեր չի հրաւիրուիր ազգային խումբ, Լը Կրէ կարծիք յայտնած էր, որ ներկայիս հաւաքականը որոշակի խաղաոճ որդեգրած է եւ անկէ ետդարձ չկայ:
30 տարեկան Պենզեմա, դժգոհ մնալով Լը Կրէի կատարած այդ յայտարարութենէն, ըսաւ, թէ ասիկա փաստեց անոր իսկական դիմագիծը, ինչպէս նաեւ յստակացաւ անոր կողմնակալ ըլլալը այս հարցին շուրջ` զինք դուրս ձգելով հաւաքականէն: