Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Սփորթց Մանիա ընկերութեան, «Էն. Էս. Էյ.»-ի (Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի) պասքեթպոլի մրցաշարքը, նուիրուած` Ռոնի Ապու Ժաուտէի յիշատակին, թեւակոխեց իր երրորդ շաբաթը:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Ռըսոլ Ժունիէի դաշտին վրայ` 18 տարեկանէն վար դասակարգին համար:
Անոր մասնակցող խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի:
Ա. խմբակին մէջ, պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Ռիատի, Բ. խմբակին մէջ` Հուփս, Գ. խմբակին մէջ` Պիպլոս, իսկ Դ. խմբակին մէջ` Սանթրալ:
Նշենք, որ Պիպլոս եւ Սանթրալ, արդէն իսկ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: