Աւելի քան 15 օրէ ի վեր Անսար ակումբը կը դիմագրաւէր ներքին հարցեր, որոնց լոյսին տակ կը խօսուէր, որ ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըր չ՛ուզեր մնալ իր պաշտօնին վրայ: Շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ ան պիտի հեռանայ իր վարած պաշտօնէն:
Կատարուեցան միջամտութիւններ` փորձելու համար համոզել զինք հրաժարելու իր մտադրութենէն:
Նոյնիսկ խօսուեցաւ, որ փրկելու համար կացութիւնը, ակումբի նախկին նախագահ Սելիմ Տիապ ինք պատրաստ է փոխարինելու Պատըրը:
Սակայն երէկ Նեպիլ Պատըր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը վերադառնայ իր նախկին պաշտօնին` շարունակելով մնալ Անսար ակումբի նախագահը, կատարելու համար իր պարտականութիւնները: