Շիրակ Գիւմրիի նախագահ Արման Սահակեան յայտարարեց, որ ակումբը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութենէն քաշուելէ բացի, կը հրաժարի նաեւ` Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն մասնակցելէ:
«Շիրակ Հայաստանի ախոյեանութեան կը վերադառնայ միայն այն ժամանակ, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Մեր ֆութպոլիստներուն պիտի օգնենք, որպէսզի նոր ակումբներ գտնեն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ արտասահմանի մէջ:
«Կը հրաժարինք 2018-2019 տարեշրջանին Եւրոպայի լիկային մէջ ելոյթ ունենալէ, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ տրամադրուող գումարէն, որ ակումբը կը ստանայ մրցաշարքին մասնակցելու համար», ըսաւ Սահակեան:
Շիրակի հրաժարելու պարագային Եւրոպայի Լիկային պիտի մասնակցին Բանանց, Գանձասար-Կապան, եւ երրորդ խումբը` Փիւնիկ Երեւան:
Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցաշարքին:
Յայտնենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կանոնագրութեան համաձայն, պայմանաւորուած մրցում կազմակերպելու համար Շիրակէն խլուած էր 12 կէտ: Գիւմրին ներկայացնող ակումբը, դէմ կանգնելով այդ որոշումին, բողոքած էր: