Խապի Ալոնսօ Եւ Ռաուլ Պիտի Գլխաւորեն Ռէալ Մատրիտի Երիտասարդական Խումբերը
Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստներ Ռաուլ Կոնցալես եւ Խապի Ալոնսօ յառաջիկային պիտի անցնին մարզական աշխատանքի: Լուրը կը հաղորդէ «Մարքա»-ն: Այժմ Ալոնսօ եւ Ռաուլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հովանիին տակ կը մասնակցին մարզիչի յատուկ դասընթացքներու, որոնք կ՛աւարտին քանի մը օր ետք: Անոնք պիտի ստանան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ա. եւ Բ. կարգի մարզիչ վկայագիրներ: Ատկէ անմիջապէս ետք,...

