Սպանական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ – Լիվըրփուլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը վերջ գտնելէ ի վեր, Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոսին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դէմ հեռաձայնային կապով մահուան սպառնալիքները չեն դադրիր:
Անոնք բոլորն ալ ստիպուած եղած են իրենց անձնական հեռաձայններուն թիւերը փոխել:
Կը նշուի, թէ այդ սպառնալիքներուն պատճառը այն է, որ իբրեւ թէ Ռամոս դիտումնաւոր կերպով հարուածած է Լիվըրփուլի 25 տարեկան եգիպտացի յառաջապահին` զայն վիրաւորելու համար: