Մարզական

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելիին Պատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Այս ռելիին ցուցադրական մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն): «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը այս գծով իրենց պատրաստութիւնները կը շարունակեն, մինչ արդէն իսկ անոր մասնակցիլ փափաքող վարորդներուն անուններուն...

Թենիս-«Տէյվիս-Քափ». «Լիբանան Մեծ Առիթ Ունի Բարձրանալու Ա. Դասակարգ» Կ՛ըսէ Օլիվըր Ֆայսալ

15-16 յուլիսին Լիբանանի թենիսի տղոց ազգային խումբը բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք Թայլանտի դէմ` թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի աւարտականին գծով, այս վերջինին դաշտին վրայ: «Լիբանանի համար յոյսերը բաւական մեծ են, եւ Ա. դասակարգի տոմս մը ապահովելը կը մնայ առաջնահերթ` նկատի ունենալով, որ մայրիներու երկիրը մեծ առիթ ունի յաղթելու իր մրցակիցին», ըսաւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ: Միջազգային դասաւորման...

Աթլեթիզմ. Փոքր Երկիրներու Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Երուանդ Մկրտչեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Լիխթնշթայնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, գիւմրեցի Երուանդ Մկրտչեան Հայաստանին ապահովեց ախոյեանի կոչումը` 3000 մեթր վազքին մէջ: 400 մեթր աղջկանց վազքի մրցումներուն, Գայեանէ Չիլոյեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ երեք քայլ ոստումի մրցումներուն Արտակ Համբարձումեան արժանացաւ պրոնզ մետալի: Իսկ տղոց 4x4 արգելարշաւի 100, 200, 300 եւ 400 մեթրի վազքի մրցումներուն, Արմէն Յովհաննիսեան, Ռազմիկ Մկրտչեան, Նարեկ Ղուկասեան եւ Տիգրան...

Զիտան Եւ Ճորքայեֆ Ներկայ Եղան Նատալի Արձանագրած Յաղթանակին

Նախանցեալ օր սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ 11-րդ անգամն ըլլալով Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ բարձրացուց «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին բաժակը աւարտականին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ: Վերոնշեալ մրցումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին աստղեր Զինետին Զիտան եւ հայազգի Եուրի Ճորքայեֆ: Զիտան այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ:  

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս»-ի Տիտղոսակակիրները Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց նոր դասաւորումը, բնականաբար նախանցեալ օր աւարտած «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին արդիւնքներուն հիմամբ: Տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակակիրները` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, ամրապնդեցին պարագլուխի իրենց դիրքերը` իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով յաջորդաբար 8770 եւ 7970 վարկանշային կէտեր: Նատալի ետին 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա, 8670), իսկ երրորդ դիրքին վրայ`...

Ըմբշամարտ. Պոլսոյ Մէջ Հայաստան Տիրացաւ 5 Մետալի

Պոլսոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստան տիրացաւ 5 մետալի: Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Գէորգ Մխէեան (70 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ), յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իսկ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, իրենց կարգին երրորդ հանդիսացան Նորայր Հախոյեան (55 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (63 քկ) եւ Արման Պաղտասարեան (72 քկ):

Պիւֆոնի Փարիզ Սեն Ժերմենին Միացումը` Օրերու Հարց

Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յառաջիկայ քանի մը օրերուն պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Նշուեցաւ, որ 40 տարեկան Պիւֆոն 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ ֆրանսական կազմին հետ, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 7 միլիոն եւրօ: Պիւֆոն 2001-էն 2018 մաս կազմած է Եուվենթուսի:  

Նէյմար Հաւասարեցաւ Ռոմարիոյի Հաստատած Մրցանիշին

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Պրազիլի ազգային խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ: Այդ երեք կոլերէն մէկը նշանակեց Նէյմար: Իր նշանակած այդ կոլին շնորհիւ, Նէյմար հաւասարեցաւ Ռոմարիոյի հաստատած մրցանիշին, երբ իր կատարած 85-րդ մրցումին Պրազիլի հետ նշանակեց իր 55-րդ կոլը: Ռոմարիօ նոյնքան կոլ նշանակած էր 70 մրցումի ընթացքին: Յայտնենք, որ Պրազիլի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգն է Փելէ (77 կոլ` 92...

Կերըթ Պէյլ Մերժեց Պայէրն Միւնիխին Միանալ

Անգլիական «Միրըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ մերժեց Պայէրն Միւնիխի կողմէ իրեն ներկայացուած առաջարկը` նկատի ունենալով, որ ան կ՛ուզէ Անգլիա տեղափոխուիլ եւ ոչ թէ այլ երկիր: Գերմանական ակումբը այն կարծիքին է, որ Պէյլ պիտի հանդիսանայ խումբէն հեռացող հոլանտացի Արժեն Ռոպենի լաւագոյն փոխարինողը: Պէյլով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ: Սակայն Զինետին Զիտանի հեռանալէն ետք,...

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Քանատայի կրան փրիին առաջին դիրքը գրաւեց գերմանացի Սեպասթիան Վեթել: «Ֆեռարի»-ի վարորդը, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը, առաջին դիրքը խլեց Լուիս Հեմիլթընէն: Ստորեւ` Քանատայի կրան փրիին արդիւնքները. 1.- Սեպասթիան Վեթել (Գերմանիա) «Ֆեռարի» 1 ժամ 28' 31" 2.- Վալթերի Պոթթաս (Ֆինլանտա) «Մերսետես) 7" ուշ 3.- Մարք Վերսթափեն (Հոլանտա) «Ռետ-Պուլ» 8" ուշ 4.-...

Արսենալ Հրաժեշտ Տուաւ 9 Ֆութպոլիստներու

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2018-2019 տարեշրջանի նախօրեակին հրաժեշտ տուաւ 9 ֆութպոլիստներու, որոնք կը հեռանան խումբէն: Անոնց կարգին է գերմանացի յետսապահ Փեր Մերթեսաքըր: Ան ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելով պիտի աշխատի Արսենալի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Իսկ Սենտի Քաորլա, որ վնասուածքի պատճառով 18 ամիսէ ի վեր հեռու կը մնայ ֆութպոլի դաշտերէն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ սպանական Վիարէալի հետ:

Ահտ Պարգեւատրեց Ակումբին Մէջ Իրենց Ներդրումը Ունեցած Երեք Անձեր

Ահտ Պարգեւատրեց Ակումբին Մէջ Իրենց Ներդրումը Ունեցած Երեք Անձեր

Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյմանի տան մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, ակումբը պարգեւատրեց երեք անձեր, որոնք վերջին տարիներուն իրենց նպաստը բերած են ակումբին աշխատանքներուն մէջ: Պարգեւատրուած երեք անձերն էին` Հասան Մաաթուք, Ապպաս Աթուէ (Ունիքա) եւ Եուսեֆ Եունես: Մեծարանքի այս երեկոյին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի մարզական պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Մաաթուք եւ Աթուէ...

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին.  «ՍԱՄԱ» Մամլոյ Ասուլիս Մը Տուաւ 2018-ի Մոնտիալի Ուղղակի Պատկերասփռման Վերաբերեալ

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին. «ՍԱՄԱ» Մամլոյ Ասուլիս Մը Տուաւ 2018-ի Մոնտիալի Ուղղակի Պատկերասփռման Վերաբերեալ

«Պի. Ին.» պատկերասփիւռի միջազգային ցանցին մաս կազմող` Լիբանանի մէջ գործող «ՍԱՄԱ» ընկերութիւնը նախորդ շաբաթավերջին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` 2018-ի մոնտիալին պատկերասփռման վերաբերեալ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչն էր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ, իսկ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար...

Պասքեթպոլ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս Մը` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի Մէջ

21-23 յունիսին Զուք Միքայէլի մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին հետեւեալ չորս երկիրներու ազգային խումբերը. Հայաստան, Եգիպտոս, Քաթար եւ Լիբանան: Այս մրցաշարքին գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու նպատակով, կազմակերպիչ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ» ընկերութիւնը վաղը կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ:

Թենիս – «Ռոլան Կարոս». Սիմոնա Հալեփ` Աղջկանց Տիտղոսակիր. Նատալ 11-րդ Անգամն Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Շաբաթ, 9 յունիսին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտական ճակատումը, երբ իրարու դէմ մրցեցան թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ եւ 10-րդ դասուած ամերիկացի Սլոան Սթիվընս: 1 ժամ 56 վայրկեան տեւած այս մրցումը աւարտեցաւ ռումանացիին յաղթանակով` 3-6, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով: Այսպիսով, երկար տարիներ սպասելէ ետք, Հալեփ ի վերջոյ յաջողեցաւ տիրանալ իր...

Եթէ Ռոնալտօ Հեռանայ. Ռէալ Մատրիտ Պիտի Բանակցի Լեւանտովսքիի, Տիպալայի Եւ Նէյմարի Հետ

«Քալչիոմերչաթօ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ շատ մեծ աշխատանք կը տանի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին փոխարինող մը գտնելու համար: Արքայական ակումբին մաս կազմելու հիմնական թեկնածուներն են Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարը, Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի հաւաքականի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքին եւ Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան: Վերոնշեալ կայքին համաձայն, Ռոնալտօ որոշեց լքել...

Վան Կաալ Կը Վերադառնայ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Լուիս Վան Կաալ յայտարարեց, որ կը վերադառնայ աշխատանքի: «Ես ստացայ բազմաթիւ առաջարկներ եւ պիտի ընտրեմ անոնցմէ մէկը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ պատրաստ եմ յաջողութեան հասնելու այն կազմին հետ, որուն գլխաւոր մարզիչը պիտի ըլլամ», ըսաւ Վան Կաալ: Անոր վերջին ակումբը եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (2014-2016): Ան եղած է նաեւ Ազ Ալքմաարի, Այաքս Ամսթերտամի, Պարսելոնայի, Պայէրն Միւնիխի, ինչպէս...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Հանդիսացաւ Ախոյեան` 4-0 Արդիւնքով Գերազանցելով Քաւալիրզը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան չորրորդ ճակատումին աւարտեցաւ 2017-2018 տարեշրջանը` նկատի ունենալով, որ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, 4-0 արդիւնքով գերազանցեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը եւ բնականաբար տիտղոսը պահեց իր մօտ: Այս վերջին մրցումին Ուորիըրզ արձանագրեց 108-85 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ մնացեալ երեքին արձանագրած էր 124-114, 122-103 եւ 110-102 արդիւնքներով յաղթանակներ: Յաղթական կազմէն...

Ռուսիոյ Բաժակակիր Թոսնօ Պաշտօնապէս Լուծուեցաւ

Ռուսական մարզական կայքեր յայտնեցին, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Թոսնօ պաշտօնապէս լուծուեցաւ: «Հինգ տարի առաջ կը կարծուէր, որ այլ գործընկերներու հետ պիտի շարունակենք մեր ճամբան: Բայց ամբողջ բեռը մնաց «Ֆորթ-կրուփ»-ի վրայ, որ չդիմանալով այդքան մեծ տնտեսական բեռին, որոշեց Թոսնօ ակումբը պաշտօնապէս փակել», յայտնեց «Ֆորթ-կրուփ»-ի սեփականատէր Մաքսիմ Լեւչենքօ: Նշենք, որ Լենինկրատի մարզը ներկայացնող Թոսնոյի հետ հանդէս կու գար Հայաստանի...

Ահտ Ֆութպոլի Ակումբը Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց 2017-2018 տարեշրջանին կարեւոր նուաճումներ արձանագրած` Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեան Ահտի պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ահտի նախագահ Թամիմ Սլէյման: Անոր կ՛ընկերակցէին ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, մարզիչներն ու մարզիկները: Խորհրդարանի նախագահը, շնորհաւորելով ակումբին արձանագրած իրագործումները, անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական մակարդակներու վրայ: Պըրրի կարեւորութեամբ շեշտեց այն...

Page 830 of 1278 1 … 829 830 831 … 1,278

Արխիւներ