Պոլսոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստան տիրացաւ 5 մետալի:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Գէորգ Մխէեան (70 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ), յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իսկ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, իրենց կարգին երրորդ հանդիսացան Նորայր Հախոյեան (55 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (63 քկ) եւ Արման Պաղտասարեան (72 քկ):



