15-16 յուլիսին Լիբանանի թենիսի տղոց ազգային խումբը բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական մրցում մը ունի կատարելիք Թայլանտի դէմ` թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի աւարտականին գծով, այս վերջինին դաշտին վրայ:
«Լիբանանի համար յոյսերը բաւական մեծ են, եւ Ա. դասակարգի տոմս մը ապահովելը կը մնայ առաջնահերթ` նկատի ունենալով, որ մայրիներու երկիրը մեծ առիթ ունի յաղթելու իր մրցակիցին», ըսաւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ:
Միջազգային դասաւորման մէջ Թայլանտ կը գրաւէ 41-րդ դիրքը, մինչ Լիբանան` 52-րդ:
Սակայն Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ ցարդ Լիբանանի արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքները կը մնան յուսադրիչ:
Բոլորին ալ յոյսերը մեծ են, եւ կը կարծուի, որ Լիբանան ամէն գնով կը յաջողի պարտութեան մատնել Թայլանտը:
Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ին մասնակցած է 1957-ին: