Մարզական

Հենրիխ Մխիթարեան. «Յոյսով Եմ, Որ Յաջորդ Անգամ Հայաստանը Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան»

2018-ի մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն առաջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հաւաքականը ամէն գնով կը մասնակցի 2022-ի մոնտիալին, որ տեղի կ՛ունենայ Քաթարի մէջ: «Յոյսով եմ, որ յաջորդ անգամ մենք կը մասնակցինք աշխարհի ախոյեանութեան: Բնականաբար, այդ մէկը քիչ մը բարդ հարց մըն է, բայց եթէ գոյութիւն ունենայ կամքը այդ մէկը իրագործելու, կրնանք մեկնիլ Քաթար: Կը կարծեմ,...

Ռուսիոյ Մէջ. Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ «ՖԻՖԱ»-ին Համագումարին

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիսին, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) սկիզբ առաւ «ՖԻՖԱ»-ին 68-րդ համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անոր անդամակցած երկիրները: Մասնակիցները կը քննարկեն օրակարգին վրայ առկայ բազմաթիւ հարցեր: Կարեւորագոյն կէտը եղաւ 2026-ի մոնտիալը հիւրընկալող երկրին հարցը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահ Ռեմոն Սըմաան, անդամ Սըմաան Տուէյհի եւ ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ, այլ հանդիպումներ ալ ունեցան եւրոպական...

2018-ի Մոնտիալ. Ֆերնանտօ Հիերօ` Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նոր Մարզիչ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Խուլեն Լոփեթեկուին, որուն փոխարէն մարզիչ նշանակեց Ֆերնանտօ Հիերոն: Նշուեցաւ, որ առանց ֆետերասիոնը տեղեակ պահելու, Լոփեթեկուի համաձայնութիւն գոյացուցած է Ռէալ Մատրիտի հետ:

2018-ի Մոնտիալ. Ֆետի Խաթիպ Եւ Հիշամ Հատտատ Պիտի Մեկնաբանեն Մրցումները

Լիբանանցի դերասան, յայտագիր ներկայացնող Հիշամ Հատտատ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ֆատի Խաթիպ 2018-ի մոնտիալի ամբողջ տեւողութեան ուղղակիօրէն պիտի մեկնաբանեն մրցումները: Չեմփս ակումբին մէջ զետեղուած պիտի ըլլայ հսկայ պաստառ մը, որուն ընդմէջէն մրցումներուն հետեւիլ փափաքողները պիտի ըմբոշխնեն մոնտիալին մթնոլորտը: Նշենք, որ մրցումներէն բացի պիտի ներկայացուին նաեւ մթնոլորտը զուարճացնող շոյեր` կատարողութեամբ Հիշամ Հատտատի եւ այլ հիւրերու: Յայտարարուեցաւ...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Հրապարակեց Թարակունա Մեկնող Պատուիրակութեան Կազմը

PROFOTO Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Հազմիէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հրապարակեց Թարակունա (Սպանիա) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը, որ պիտի մասնակցի 22 յունիսէն 1 յուլիս տեղի ունենալիք միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էլի Սաատէ, իսկ փոխնախագահն է Սելիմ Հաժ Նքուլա: Նշենք, որ իւրաքանչիւր մարզաձեւ (11) ունի...

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականներուն Որակազրկման Գործընթացը Աւարտեցաւ

Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Հայաստանի հաւաքականներուն որակազրկման գործընթացը, որ ուժի մէջ մտած էր հոկտեմբեր 2017-էն, աւարտեցաւ: Ասոր լոյսին տակ պատանիներու պայքարին հայ ծանրաբարձները կրնան մասնակցիլ մրցաշարքին, իսկ երիտասարդներու եւ մեծերու մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ նաեւ հայրենի ըմբիշները (19 օգոստոսին): Յուլիսին Հայաստանի հաւաքականը կրնայ մասնակցիլ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան, որ վարկանշային է պատանեկան ողիմպիականի խաղերուն համար: Ապա Լեհաստանի մէջ...

2026-ի Մոնտիալը` Քանատայի, Մեքսիքայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

«ՖԻՖԱ»-ի համագումարին ընթացքին երէկ, որոշուեցաւ, որ 2026-ի մոնտիալը պիտի հիւրընկալեն երեք երկիրներ միասնաբար` Քանատա, Մեքսիքա եւ Միացեալ Նահանգներ: Անոնց ի նպաստ քուէարկեցին 134 անձեր, իսկ Մարոքի հաշուոյն` 65: Նշենք, որ 2026-ի մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին 46 խումբեր: 1994-ի Միացեալ Նահանգներ հիւրընկալած էր մոնտիալը, մինչ Մեքսիքա` երկու անգամ` 1970-ին եւ 1986-ին:

Հայաստանի Հաւաքականին Մարզիկը Հաւանաբար «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ակումբ Տեղափոխուի

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Անտրէ-Սփայթ Մկրտչեան շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող Տենվըր Նակեթցին: Ան յաջողութեամբ անցուցած է Փրի-Տրաֆթ-ուորք-աութ-ը: Նշենք, որ վերջերս Մկրտչեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Նորթըրն Քոլորատօ համալսարանին տարուան լաւագոյն պասքեթպոլիստը: Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով կը միանայ Նակեթցի եւ ելոյթ կ՛ունենայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան...

Ռէալ Մատրիտ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Ռէալ Մատրիտ տեղեկացուց, որ Խուլեն Լոփենթեկուի նշանակուեցաւ ակումբին նոր մարզիչը: 51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, որ 2016-էն ի վեր կը գլխաւորէ Սպանիոյ ազգային խումբը, իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2018-ի մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք: Նախապէս ան եղած է Փորթոյի մարզիչ, ինչպէս նաեւ` Սպանիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներուն մարզիչ: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պիտի վճարէ 2...

Պասքեթպոլ. Սկսան Վաճառուիլ Լիբանան – Յորդանան Եւ Լիբանան – Սուրիա Մրցումներուն Տոմսերը

Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Լիբանան իր վերջին երկու մրցումներուն պիտի հիւրընկալէ Յորդանանը (28 յունիս) եւ Սուրիան (1 յուլիս), Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Տոմսակներուն գիներն են 15, 35, 60 եւ 150 հազար լիբանանեան ոսկի (վերջինը` պատուոյ թրիպիւն): Պէտք է նշել, որ Լիբանան աւելի քան չորս կէտի տարբերութեամբ պէտք է յաղթէ Յորդանանի, ինչպէս նաեւ այլ յաղթանակ մը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ`  Տեղի Ունեցան Երկու Տարբեր Տեսակի Ցուցահանդէսներ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ` Տեղի Ունեցան Երկու Տարբեր Տեսակի Ցուցահանդէսներ

Կազմակերպութեամբ «Պիլիվ Ին Լեպանոն» միութեան, գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.-ին, այս վերջինին ակումբին մէջ տեղի ունեցան գծագրութեան 2 տարբեր տեսակի ցուցահանդէսներ` մասնակցութեամբ` բազմաթիւ արուեստագէտներու: Բացման այս հանդիսութեան ներկայ էին զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախարարներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Թարեք Խաթիպի ներկայացուցիչները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, տարբեր միութիւններու, ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Նշենք, որ շուրջ 85 գծագրական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Էլի Շամուն Եւս Միացաւ Պէյրութի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուող Պէյրութ, իր կազմին միացուց երրորդ մարզիկ մը` Էլի Շամունը, որ` լքելով ՀՄԸՄ-ի կազմը, ստորագրեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշենք, որ Պէյրութի միացած առաջին մարզիկը հանդիսացաւ Ալի Հայտար, որ Ռիատիէն տեղափոխուեցաւ հոն: Անկէ ետք Ռալֆ Աքըլ միացաւ Պէյրութի` Մութթահետէն: Նախքան այս փոխանցումը, Պասել Պաուժի Պէյրութէն տեղափոխուեցաւ Ռիատիի:  

Ձիավարութիւն. Տեղի Ունեցան Զտումի Երկրորդ Հանգրուանի Մրցումները

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Տըպպայէ Քաունթրի Քլապի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ձիավարութեան զտումի երկրորդ հանգրուանի մրցումները (ընդամէնը` երեք հանգրուան): Նշենք, որ այս մրցումները եւս տեղի ունեցան միջազգային ձիավարութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ Այս երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն («Տապըլիու. Ճէյ. Սի.») ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրի, Տըպպայէի քաղաքապետ Ժորժ Ապպուտ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ: Իսամ Հատտատ, որ գրաւեց...

Պասքեթպոլ. Լիբանանցի Քարիմ Ռաթիլ Պիտի Մասնակցի «Էն. Պի. Էյ.»-ի Կրտսերներու Ախոյեանութեան

Լիբանանեան պասքեթպոլի աշխարհին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի եւ իւրայատուկ քայլ մը, որով լիբանանցի Քարիմ Հըսէյն Ռաթիլ (2004-ի ծնունդ, 1,92 մեթր), որ մաս կը կազմէ Հուփս Ռիատի ակումբին, 3-13 օգոստոսին պիտի մեկնի Օրլանտօ (Միացեալ Նահանգներ) եւ հոն պիտի մասնակցի` «Էն. Պի. Էյ.»-ի կրտսերներու ախոյեանութեան: Այս մէկը իրականացաւ, գործակցութեամբ Տալաս Մավըրիքսի թունուզցի նախկին մարզիկ Սալեհ Մաժարիի հետ, որ բացայայտեց Ռաթիլի ունեցած բացառիկ...

Այսօր` Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մամլոյ Ասուլիս

Այսօր` չորեքշաբթի, 13 յունիսին յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Հազմիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ անունները այն մարզիկներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 22 յունիսէն 1 յուլիս Թարակունայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունենալիք միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն:

Սանամեան Պիտի Գործակցի Բարսեղեանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Գանձասար-Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան իրեն օգնական պիտի ունենայ փորձառու մասնագէտ Արմէն Սանամեանին: Նշենք, որ Սանամեան 2016-2017 տարեշրջանին աշխատած է Գանձասար-Կապանի մէջ: Նախքան Գանձասար-Կապան տեղափոխուիլը, Սանամեան կը գլխաւորէր Երեւանի Արցախը:

Փաթրիք Վիէյրա` Նիսի Մարզիչ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ լոնտոնեան Արսենալի նախկին միջնապահ Փաթրիք Վիէյրա, նշանակուեցաւ ֆրանսական Նիս ֆութպոլի խումբի մարզիչ: Ըստ ֆրանսական «Լէքիփ»-ին 41 տարեկան Վիէյրա, որուն վերջին ակումբը եղաւ Նիւ Եորք Սիթին, ստորագրեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը: Ան այսպիսով փոխարինեց Լիւսիեն Ֆավրին, որ նշանակուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ:  

2018-ի Մոնտիալ. Փիքէ Վիրաւորուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ Քրասնոտարի մէջ (Ռուսիա) իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին ձախ ոտքէն վիրաւորուեցաւ եւ այդ պատճառով դադրեցուց փորձերուն իր մասնակցութիւնը: Կը կարծուի, թէ այսօր կամ առաւելագոյնը վաղը յստականայ, թէ ան որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի ապաքինելու համար: 2018-ի մոնտիալին Ա. հանգրուանի մրցումներուն Սպանիա յաջորդաբար պիտի մրցի Փորթուգալի (15 յունիս), Իրանի (20...

Նատալ Գերազանցեց 100 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Պարգեւավճարի Սահմանը

«Sport-24» հակիրճ անդրադարձ կատարած է նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` դիտել տալով, որ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի 11-րդ անգամն ըլլալով Ռոլան Կարոսի կրան շլեմի տիտղոսին տիրանալուն համար գերազանցեց 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի պարգեւավճարի սահմանը: Ան ընդհանուր առմամբ ստացած է 100,5 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ դասաւորման մէջ երրորդն է: Այս ցուցանիշով, առաջին դիրքին վրայ է զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (116,2 միլիոն),...

Օզպիլիս Վերադարձաւ Պեշիքթաշ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Արազ Օզպիլիս Թիրասփոլի Շերիֆէն վերադարձաւ թրքական Պեշիքթաշ: Այս լուրը հաղորդեց մոլտովական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Օզպիլիսի փոխանցման իրաւունքը կը պատկանի թրքական ակումբին: Ան պարզապէս փոխ տրուած էր Շերիֆի: Շերիֆ շնորհակալութիւն յայտնեց Օզպիլիսին եւ անոր յաջողութին մաղթեց: Օզպիլիս, որ այս տարուան ձմրան միացաւ Շերիֆի, Մոլտովայի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս մրցումի:  

Page 829 of 1278 1 … 828 829 830 … 1,278

Արխիւներ