6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Այս ռելիին ցուցադրական մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն):
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը այս գծով իրենց պատրաստութիւնները կը շարունակեն, մինչ արդէն իսկ անոր մասնակցիլ փափաքող վարորդներուն անուններուն արձանագրութիւնը կը շարունակուի:
Վերջին պայմանաժամն է չորեքշաբթի, 20 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը:
Այս ռելիին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» շուտով պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը: