Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան չորրորդ ճակատումին աւարտեցաւ 2017-2018 տարեշրջանը` նկատի ունենալով, որ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, 4-0 արդիւնքով գերազանցեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը եւ բնականաբար տիտղոսը պահեց իր մօտ:
Այս վերջին մրցումին Ուորիըրզ արձանագրեց 108-85 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ մնացեալ երեքին արձանագրած էր 124-114, 122-103 եւ 110-102 արդիւնքներով յաղթանակներ:
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քերի (37), իսկ անոր խմբակից Քեւին Տիւրանթ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 23 կէտ: