«Պի. Ին.» պատկերասփիւռի միջազգային ցանցին մաս կազմող` Լիբանանի մէջ գործող «ՍԱՄԱ» ընկերութիւնը նախորդ շաբաթավերջին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` 2018-ի մոնտիալին պատկերասփռման վերաբերեալ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչն էր հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ, իսկ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչն էր Ալի Ֆաուազ:
Ներկայ էին նաեւ մեծաթիւ հաւիրեալներ, Լիբանանի մէջ «Պի. Ին.»-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Խօսք առնողները ընդգծեցին տարուած բաւական դժուար աշխատանքի կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդին շնորհուի աշխարհի այս մեծագոյն մարզական իրադարձութեան տուներէն հետեւելու հաճոյքէն չզրկուելու իրաւունքը: