«Քալչիոմերչաթօ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ շատ մեծ աշխատանք կը տանի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին փոխարինող մը գտնելու համար:
Արքայական ակումբին մաս կազմելու հիմնական թեկնածուներն են Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարը, Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի հաւաքականի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքին եւ Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան:
Վերոնշեալ կայքին համաձայն, Ռոնալտօ որոշեց լքել իր կազմը: