Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն յառաջիկայ քանի մը օրերուն պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Նշուեցաւ, որ 40 տարեկան Պիւֆոն 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ ֆրանսական կազմին հետ, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 7 միլիոն եւրօ:
Պիւֆոն 2001-էն 2018 մաս կազմած է Եուվենթուսի:



