21-23 յունիսին Զուք Միքայէլի մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին հետեւեալ չորս երկիրներու ազգային խումբերը. Հայաստան, Եգիպտոս, Քաթար եւ Լիբանան:
Այս մրցաշարքին գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու նպատակով, կազմակերպիչ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ» ընկերութիւնը վաղը կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ:



