Նախանցեալ օր սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ 11-րդ անգամն ըլլալով Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ բարձրացուց «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին բաժակը աւարտականին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ:
Վերոնշեալ մրցումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին աստղեր Զինետին Զիտան եւ հայազգի Եուրի Ճորքայեֆ:
Զիտան այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ: