Շաբաթ, 9 յունիսին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտական ճակատումը, երբ իրարու դէմ մրցեցան թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ եւ 10-րդ դասուած ամերիկացի Սլոան Սթիվընս:
1 ժամ 56 վայրկեան տեւած այս մրցումը աւարտեցաւ ռումանացիին յաղթանակով` 3-6, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, երկար տարիներ սպասելէ ետք, Հալեփ ի վերջոյ յաջողեցաւ տիրանալ իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին կրան-շլեմի տիտղոսին:
Ան երկու անգամ Ֆրանսայի մէջ հասած էր աւարտականին (2014 եւ 2017) եւ պարտուած: Նոյնը պատահած էր նաեւ 2018-ին` Աւստրալիոյ մէջ:
Վերջին ռումանացին, որ «Ռոլան Կարոս»-ի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած էր, եղած էր Վիրժինիա Ռուզիքի (1978-ին):
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, երէկ իրարու դէմ մրցեցան թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ 7-րդ դասուած աւստրիացի` Տոմինիք Թիեմ:
32 տարեկան Նատալ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-4, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով իր մրցակիցին` 2 ժամ եւ 42 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք:
Նատալ, որ այսպիսով, Ֆրանսայի մէջ 11-րդ անգամն ըլլալով ձեռք ձգեց այս տիտղոսը, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր 17-րդ կրան շլեմի տիտղոսին («Ռոլան Կարոս»` 11, «Եու. Էս. Օփըն»` 3, «Ուիմպըլտըն»` 2 եւ Աւստրալիա` 1):