Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Լուիս Վան Կաալ յայտարարեց, որ կը վերադառնայ աշխատանքի:
«Ես ստացայ բազմաթիւ առաջարկներ եւ պիտի ընտրեմ անոնցմէ մէկը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ պատրաստ եմ յաջողութեան հասնելու այն կազմին հետ, որուն գլխաւոր մարզիչը պիտի ըլլամ», ըսաւ Վան Կաալ:
Անոր վերջին ակումբը եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (2014-2016): Ան եղած է նաեւ Ազ Ալքմաարի, Այաքս Ամսթերտամի, Պարսելոնայի, Պայէրն Միւնիխի, ինչպէս նաեւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչը: