Մարզական

Հենրիխ Մխիթարեանի Նոր Խաղակօշիկները` Եռագոյնով Եւ Հայաստանի Զինանշանով

«Ատիտաս» ներկայացուց լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի նոր խաղակօշիկները: 29 տարեկան ֆութպոլիստին խաղակօշիկին մէկ կողմը Արսենալի լոկոն է, իսկ միւս կողմին վրայ կայ հայկական եռագոյնը եւ Հայաստանի զինանշանը:

Լիբանանի Մինի-Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Տարեկան Ճաշկերոյթը

Լիբանանի Մինի-Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Տարեկան Ճաշկերոյթը

Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթը` «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ): Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Ալի Ֆաուազ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Ահտ ֆութպոլի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի, ֆետերասիոնին անդամները, ակումբներու նախագահներ եւ մարզական լրագրողներ: Այս առիթով Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ յատուկ յուշանուէր...

Փելէ. «Պրազիլ Թէեւ Ունի Լաւ Խաղացողներ, Բայց Խումբ Չէ»

Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղերէն Փելէ քննադատեց Պրազիլի ազգային խումբը եւ տարակոյս յայտնեց, որ Թիթէի գլխաւորած կազմը կրնայ տիրանալ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին: «Ես կը վստահիմ Թիթէին, սակայն զիս նեղացնողը այն է, որ 2018-ի մոնտիալի ազդանշանէն հազիւ հինգ օր առաջ չունինք համապատասխան խումբ: Անհատապէս բոլոր խաղացողներն ալ լաւ են, բայց մենք խումբ չենք: Նէյմար աշխարհի լաւագոյն մարզիկներէն կը նկատուի, բայց ան առանձինը...

2014-ի Մոնտիալ.  Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Բոլոր Ֆութպոլիստները` Խթանիչ Դեղե՞ր Գործածած…

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականը Նահանջեց

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖԱ) հրապարակեց աշխարհի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գտնուի 100-րդ դիրքին վրայ: Հայրենի կազմը իր կատարած բարեկամական վերջին երկու մրցումներուն հաւասարութիւն արձանագրեց:  

2018-ի Մոնտիալ. Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը` Ռուսիոյ Մէջ

Միջազգային մարզական մամուլը նախանցեալ օր անդրադարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի Քրասնոտար (Ռուսիա) ժամանումին, ուր տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը: Սպանիայէն բացի Ռուսիա հասած են նաեւ Փանամայի եւ Իրանի ազգային խումբերը: Ա. հանգրուանի մրցումներուն Սպանիոյ մրցակիցներն են Փորթուգալ, Մարոք եւ Իրան:

Ռոնալտօ Որոշեց Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուած է վերջնական որոշում եւ կ՛ուզէ հեռանալ արքայական ակումբէն, կը հաղորդէ միջազգային մամուլը: Սակայն այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ան շատ հաւանաբար մնայ իր խումբին հետ, եթէ իր ուզած գումարը գանձէ: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի ակումբը կը պատրաստուի 33 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկել տարեկան 30 միլիոն աշխատավարձ: Սակայն ֆութպոլիստը կը պահանջէ 40 միլիոն եւրօ:...

Ալքանթարա Պիտի Վերադառնայ Պարսելոնա

Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Թիակօ Ալքանթարա մօտ է այս ամրան ընթացքին վերադառնալու Պարսենոլա: Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան սպանացին գերմանական ակումբի նոր մարզիչ Նիքօ Քովաչի ծրագիրներուն մաս չի կազմեր: Յայտնի է, որ Պայէրն անոր համար կը պահանջէ 70 միլիոն եւրօ, մինչ Պարսելոնա պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ: Ալքանթարա, որ Պարսելոնա ակումբին ակադեմիայէն է, 2013-ին միացաւ Պայէրնի` փոխան 25 միլիոն եւրոյի:

Էրիք Ապիտալ Նշանակուեցաւ Պարսելոնայի Թեքնիք Տնօրէն

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Պարսելոնա նշեց, որ ակումբի նախկին յետսապահ Էրիք Ապիտալ նշանակուեցաւ քաթալոնական ակումբի թեքնիք տնօրէն: Ան փոխարինեց Ռոպերթօ Ֆերնանտեսը, որուն պայմանագրութեան ժամկէտը վերջ գտաւ: 38 տարեկան ֆրանսացին, որ 2017-էն ի վեր Պարսելոնայի դեսպանն էր, 2007-էն 2013 մաս կազմած է Պարսայի:  

«Մարքա». «Ռէալ Մատրիտի Նոր Մարզիչի Գլխաւոր Թեկնածուն Քոնթէն Է»

Չելսիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար նշանակուի Ռէալ Մատրիտի նոր գլխաւոր մարզիչ, կը յայտնէ «Մարքա» օրաթերթը` շեշտելով, որ ան բոլոր տուեալները ունի յաջորդելու Զինետին Զիտանին: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը ամէն գնով կ՛աշխատի իրեն համար մարզիչ ունենալ 48 տարեկան իտալացին, որ սակայն տակաւին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը եւս ունի կնքուած անգլիական ակումբին հետ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Չելսի ոչ մէկ արգելք կը...

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին.  «Ազդակ»-ի Մարզական Էջի Խմբագիրը Պարգեւատրուեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ

Յատուկ Երեկոյի Մը Ընթացքին. «Ազդակ»-ի Մարզական Էջի Խմբագիրը Պարգեւատրուեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ֆելուքա» ճաշարանին մէջ (Մանարա), Կեդրոնական դրամատունը պարգեւատրեց կարգ մը մարզական թերթերու խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հովանաւորութիւնը վայելող դրամատուներու պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար 5-րդ տարին ըլլալով, աւարտեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ կատարուեցաւ աւարտական ճակատումը: Վարդիվառ Գասապեան կը ստանայ իր յուշանուէրը Կեդրոնական...

Պասքեթպոլի Միջազգային Քառանդամ Մրցաշարք. Երեքշաբթի, 12 Յունիսին Մամլոյ Ասուլիս` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին Լիբանան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբերը: Այս մրցաշարքը կազմակերպող «Սթեփ ըհետ Սփորթց Սքուլ» ընկերութիւնը անոր գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու նպատակով երեքշաբթի, 12 յունիսին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը: Այս մրցաշարքը...

Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Չորեքշաբթի, 13 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ այն մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն: Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 22 յունիսէն 2 յուլիս, Սպանիոյ Թարակունա քաղաքին մէջ:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած հերթական ժողովին ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ նկատի ունենալով, որ 2017-2018 տարեշրջանը աւարտեցաւ, սակայն կը գտնուին բազմաթիւ կախակայուած մարզիկներ, թէեւ անոնց ստացած կախակայման պատիժները կը ջնջուին, սակայն անոնց ակումբներուն նկատմամբ կը սահմանուին տուգանքներ, որոնք պէտք է վճարուին ֆետերասիոնին: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին 2018-2019 տարեշրջանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսին` 26 օգոստոսի փոխարէն: Ֆետերասիոնին կողմէ...

Ճատրակ. Ֆապիանօ Քարուանա Տիրացաւ Տիտղոսին. Արոնեան Հանդիսացաւ 6-րդ

Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքը: Վերջին 19-րդ հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի հետ` 42-րդ շարժումին: Արոնեան 4 կէտով մրցաշարքը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ: 5 կէտ ապահովելով տիտղոսակիր դարձաւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա:

Թենիս. Տել Փոթրօ – Նատալ Կիսաւարտականի Տաք Ճակատումը

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ (5-րդ) երէկ ապահովեց կիսաւարտական իր տոմսը` 3 ժամ 53 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք 7-6, 5-7, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք խրուաթ Մարին Սիլիչի (3-րդ): Աւարտականին հասնելու համար ան պէտք է յաղթէ նաեւ թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ...

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզ Դարձեալ Պարտուեցաւ, Հակառակ Լեպրոն Ճէյմսի Իրագործած Թրիփըլ – Տապըլին

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ Կոլտըն Սթէյթ  Ուորիըրզի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` իր արձանագրած 110-102 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ (28-29, 24-29, 31-23, 27-21): Առաջին մրցումին Ուորիըրզ երկարաձգումէն ետք արձանագրած էր 124-114 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ երկրորդին` 122-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Չորրորդ մրցումը երրորդին...

Մարատոնա Տեղափոխուեցաւ Հիւանդանոց

Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա տեղափոխուեցաւ քոլոմպիական հիւանդանոց մը: Ան պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան: «Տը Սան» յայտնեց, որ այս վիրաբուժութիւնը պիտի կատարէ բժիշկ Կերման Օչոա: Նոյն այս բժիշկ Մարատոնան վիրաբուժութեան ենթարկած էր նաեւ 17 տարի առաջ: Նշուեցաւ, որ այս վիրաբուժութեան պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Մարատոնայի գիրութիւնը: Մարատոնա վերջերս նշանակուեցաւ Տինամօ Պրեսթի նախագահ:

Արսենալ Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Եուվենթուսի Յետսապահին Հետ

Լոնտոնեան Արսենալը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ զուիցերիացի յետսապահ Շթեֆան Լիխթայնըր միացաւ կազմին: 34 տարեկան յետսապահը Արսենալի միացաւ ազատ գործակատարի միջոցով` նկատի ունենալով, որ Եուվենթուսի հետ անոր պայմանագրութեան ժամկէտը վերջ գտած է: Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահը Եուվենթուսի հետ կատարած է աւելի քան 250 մրցում, մինչ ազգային խումբին շապիկը կրած է 99 անգամ: Նշենք, որ ան «Քալչիօ»-ի 2017-2018 տարեշրջանին մասնակցեցաւ...

Պրազիլցի Ֆրետ Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին

Շախտիոր Տոնեցքի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆրետ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշուեցաւ, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստին համար Եունայթըտ պիտի վճարէ 60 միլիոն եւրօ: Անգլիական ակումբին հետ պրազիլցին պիտի կնքէ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան գանձելով 5 միլիոն եւրօ: Ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի:...

«Ֆորպս». Փլոյտ Մէյվեզըր` Առաջին Դիրքին Վրայ

«Ֆորպս» քանի մը օր առաջ ներկայացուց 2017-ին ամէնէն շատ եկամուտ ունեցած մարզիկներուն ցանկը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի կռփամարտիկ Ֆլոյտ Մէյվեզըր, որ իրլանտացի Քանըր Մաքկրեկորի դէմ իր կատարած մենամարտին եւ յաղթանակին համար ստացած էր 275 միլիոն ամերիկեան տոլար: Անոր եկամուտն է 285 միլիոն ամերիկեան տոլար: Երկրորդ դիրքին վրայ է Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (111 միլիոն), իսկ երրորդ դիրքին...

Page 831 of 1278 1 … 830 831 832 … 1,278

Արխիւներ