Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյմանի տան մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, ակումբը պարգեւատրեց երեք անձեր, որոնք վերջին տարիներուն իրենց նպաստը բերած են ակումբին աշխատանքներուն մէջ:
Պարգեւատրուած երեք անձերն էին` Հասան Մաաթուք, Ապպաս Աթուէ (Ունիքա) եւ Եուսեֆ Եունես:
Մեծարանքի այս երեկոյին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի մարզական պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Մաաթուք եւ Աթուէ իբրեւ ֆութպոլիստներ խումբին օժանդակած են, մինչ լրագրող Եունես երկար տարիներ ստանձնած է խումբի մարզական բաժանմունքի պատասխանատուի պաշտօնը:
Եունես խօսք առնելով ըսաւ, թէ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այս անգամ ինք կ՛ըլլայ պարգեւատրուողը:
Իսկ Թամիմ Սլէյման խօսք առնելով շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ` աւելցնելով, որ Ահտ ակումբին դռները միշտ ալ բաց մնան անոնց առջեւ: