Լիխթնշթայնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, գիւմրեցի Երուանդ Մկրտչեան Հայաստանին ապահովեց ախոյեանի կոչումը` 3000 մեթր վազքին մէջ:
400 մեթր աղջկանց վազքի մրցումներուն, Գայեանէ Չիլոյեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ երեք քայլ ոստումի մրցումներուն Արտակ Համբարձումեան արժանացաւ պրոնզ մետալի:
Իսկ տղոց 4×4 արգելարշաւի 100, 200, 300 եւ 400 մեթրի վազքի մրցումներուն, Արմէն Յովհաննիսեան, Ռազմիկ Մկրտչեան, Նարեկ Ղուկասեան եւ Տիգրան Մկրտչեան քառեակը արժանացաւ պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստան, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 16 մարզիկով, խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 17 երկիրներու 205 մարզիկներ:



