Մարզական

Ահմետ Մուսաուի Հրաժարեցաւ Պեքաա Ակումբի Նախագահի Իր Պաշտօնէն

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կազմերէն Նեպի Շիթի (որ վերջերս փոխեց իր անունը եւ վերածուեցաւ Պեքաա ֆութպոլի ակումբին) նախագահ Ահմետ Մուսաուի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր հրաժարականը: «Վերջին տասը տարիներուն, Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելով եւ Նեպի Շիթը ներկայացնելով, իբրեւ Պեքաա ակումբի ներկայացուցիչ այժմ ժամանակը հասած է հանգստանալու եւ ցտեսութիւն ըսելու բոլոր անոնց, որոնք այդ ժամանակամիջոցին եղան կողքիս, եւ...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան Տիրացաւ Իր Երկրորդ Ոսկի Մետալին` Միլանոյի Մէջ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միլանոյի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան, երէկ տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին: 77 քկ դասակարգին մէջ ախոյեանի կոչումին արժանացաւ Յարութիւն Գրիգորեան, որ երկամարտի ընթացքին արձանագրեց 258 քկ արդիւնք մը (117+141): Երկրորդ դիրքը գրաւած թուրք Հաքան Թուրնազ հայ ծանրաբարձին երկամարտի արդիւնքուվ զիջեցաւ 12 քիլոկրամով: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ` Մնացական Աբրահամեան,...

Ռումիան Յովսէփեան Միացաւ Փիւնիկին

Հայկական լրատուամիջոցներ, իրենց տեղեկութիւնները քաղելով Փիւնիկի պաշտօնական կայքէն, յայտնեցին, որ 26 տարեկան միջնապահ Ռումիան Յովսէփեան միացաւ երեւանեան խումբին: Անոր ներկայութեան խումբը պիտի փորձէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, երբ ճակատի Թոպոլի դէմ (Ղազախստան)` 26 օգոստոսին (երթ) եւ 2 օգոստոսին (դարձ): Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին ան Բանանցի հետ նշանակեց 8 կոլ`...

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկի Հիմնական Հինգ Մարզիկները Չկրցան Մեկնիլ Ղազախստան

Փիւնիկ Երեւանի հիմնական հինգ մարզիկները շատ հաւանաբար իրենց մասնակցութիւնը չկարենան բերել ղազախական Թոպոլի դէմ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազախստանի մէջ: Հինգ մարզիկներ` Մոհամետ Քոնաթէ, Տրիսա Տիարասուպա, Պաքարա Պալթէ, Տիտիէ Քատիօ եւ Անտրիա Տրակոյեւիչ, Ղազախստան մուտքի արտօնագիր չստացան եւ մնացին Երեւանի մէջ: Երեւանեան կազմին հետ չմեկնեցաւ նաեւ Կարլեն Մկրտչեան (հիւանդ...

ՖԻՖԱ-ն Նէյմարը Չընդգրկեց Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Տիտղոսի Առաջին Տասը Թեկնածուներուն Մէջ

ՖԻՖԱ-ի հրապարակուած տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի թեկնածուներուն ցանկին մէջ, Նէյմարի անունը չյիշատակուեցաւ առաջին 10-ին մէջ: Այդ տասը թեկնածուներէն մէկը պիտի տիրանայ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին: Ստորեւ` այդ տասը ֆութպոլիստներուն անունները: Էտեն Հազար (Չելսի, Պելճիքա) Ռաֆայէլ Վարան (Ռէալ Մատրիտ, Ֆրանսա) Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ֆրանսա) Քեւին տը Պրիւյնէ (Մանչեսթըր Սիթի, Պելճիքա) Հերի Քէյն (Թոթենհամ, Անգլիա) Քիլիան Մպափէ (Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ֆրանսա) Լիոնել...

Քոնթէ Պատրաստ Է Գլխաւորելու Ա. Սէ. Միլանը

Միջազգային մարզական շարք մը լրատուամիջոցներ երէկ անդրադարձան Չելսիի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի ցոյց տուած պատրաստակամութեան` ստանձնելու Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, Լէոնարտօ, որ շուտով պիտի վերադառնայ Ա. Սէ. Միլան, պիտի ստանձնէ կարեւոր պաշտօն մը: Նշուեցաւ, թէ ան փափաք յայտնած է, որ Քոնթէ ըլլայ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչը, հակառակ անոր որ Չելսիի հետ Քոնթէի հարցերուն լուծման...

Վաղը Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Վաղը` հինգշաբթի, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, Ժալ Էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբին մասնակցութեան` Ասիոյ 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-12 օգոստոսին` Թայլանտի մէջ: Ֆետերասիոնը նաեւ պիտի անդրադառնայ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Լիբանանի տղոց ազգային խումբի պատրաստութիւններուն:  

Ֆութսալ. Կեդրոնական Դրամատան Խումբը Մեկնեցաւ Ինտոնեզիա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ակումբներու ֆութսալի 2018-ի ախոյեանութեան, Կեդրոնական դրամատան ֆութսալի խումբը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Ինտոնեզիա: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 1-12 օգոստոսին: Լիբանանի ախոյեանը նախքան մրցաշարքը սկսիլը, Ինտոնեզիոյ մէջ պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցումներ: Առաջինը` իրաքեան Նաֆթ խումբին դէմ, իսկ երկրորդը` Պլեք Սթիլի դէմ (Ինտոնեզիա): Դ. խմբակին մաս կազմող Կեդրոնական դրամատան խումբը Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի...

Պիչ-Վոլիպոլ. Լիբանան Եւ Յունաստան Տիրացան «Հոլիտէյ-Պիչ»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ «Հոլիտէյ-պիչ» մարզահամալիրին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունցեաւ «Հոլիտէյ-պիչ»-ի տարեկան պիչ-վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին տղոց 18 խումբեր (6-ը` օտար), իսկ աղջկանց պարագային` 6 խումբեր (3-ը` օտար): Տղոց պարագային, օտար խումբերը եկած էին Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն, Օմանէն եւ Սուրիայէն, իսկ աղջկանց պարագային` Յունաստանէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն: Աւարտական մրցումներուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնց...

Փինկ Փոնկ. Ամառնային Բաժակի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սարաֆանտ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային բաժակի մրցաշարքը (տղաք եւ աղջիկներ): Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Մոհամետ Համիէ (Ժընուպ Թուլ), իսկ աղջկանց տիտղոսին` Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Թենիս. 28 Յուլիսէն 12 Օգոստոս` Պրումմանա Ակումբին Տարեկան Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամ Պրումմանա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 28 յուլիսէն 12 օգոստոս վերոնշեալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ անոր տարեկան թենիսի մրցաշարքը: Կազմակերպիչ ակումբի տնօրէն Նահիա Ապի Խալիլ յայտարարեց, որ արդէն իսկ սկսած են մրցաշարքին մասնակցութեան արձանագրութիւնները: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ եօթը հազար ամերիկեան տոլար` այլ մրցանակներու կողքին:  

Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Սահակեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանեկան հաւաքականի անդամները յաջող ձեւով սկսան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ  վարկանշային է յառաջիկայ պատանեկան ողիմպիական խաղերուն համար: Արդարեւ, Միլանոյի մէջ 15 տարեկանէն վար դասակարգի 50 քկ քաշային պայքարին մէջ, Գոռ Սահակեան երկամարտի 178 քկ արդիւնքով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Ժորա Սարգսեան, չկրցաւ մրցանակային դիրք գրաւել:

Արսենալի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստները

2018-2019 տարեշրջանը կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ «Փրեմիեր Լիկ»-ի կազմերէն Արսենալի համար` նկատի ունենալով, որ Լոնտոնեան կազմը 22 տարի ետք ունի նոր մարզիչ մը` Ունայ Էմերին: Խաղաոճի փոփոխութեան զուգահեռ, Արսենալի մէջ պիտի փոխուին նաեւ ֆութպոլիստներուն կարգավիճակները: Ակումբին համար ֆութպոլիստներուն տրուող աշխատավարձերը կը նկատուին կարեւոր: «Սփորթցքիտա» ներկայացուց այս տարեշրջանին առաջին հինգ ֆութպոլիստներուն ստացած գումարները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան,...

Պասքեթպոլ. Տուէյն Ուէյտ Բաւական Լաւ Առաջարկ Մը Կը Ստանայ Չինաստանէն

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, չինական պասքեթպոլի խումբ մը` Չժեցզիան, կը փափաքի իր կազմին միացնել «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակիցներէն Տուէյն Ուէյտը: Ակումբը 3 տարուան պայմանագրութիւն մը առաջարկած է 36 տարեկան Ուէյտի` փոխան 25 միլիոն ամերիկեան տոլարի: «Էն. Պի. Էյ.»-ի եռակի ախոյեանը, որուն վերջին ակումբը կը հանդիսանար Մայեմի Հիթ, ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի: Նախապէս Ուէյտով հետաքրքրուած էր չինական այլ...

Հեծելարշաւ. «Թուր Տը Ֆրանս»-ի Հերթական Հանգրուանը Ընդհատուեցաւ Հողագործներու Բողոքի Ցոյցերուն Պատճառով

Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին, որ ծանօթ է «Թուր տը Ֆրանս» անունով, երէկուան 16-րդ հանգրուանը ընդհատուեցաւ, երբ ֆրանսացի հողագործներ բողոքի ցոյցեր կատարելով արգելք հանդիսացան անոր հեզասահ ընթացքին, յայտնեց «Եուրոսփոր»-ը: Ցուցարարները փակեցին այն ճամբան, ուրկէ պիտի անցնէին հեծելանւորդները: Ցոյցը ցրուելու նպատակով ոստիկանները օգտագործեցին արցունքաբեր կազեր, որոնցմէ տուժեցին նաեւ մարզիկները: Այս միջադէպին պատճառով կազմակերպիչները որոշեցին ժամանակաւորապէս դադրեցնել այս հանգրուանը, որ 15 վայրկեան ընդմիջումէ մը...

Արժանթինի Մէջ 25 Տարեկան Բերդապահ Մը Կը Դանակահարուի

Արժանթինեան մամուլը հաղորդեց, որ երկրին մէջ դանակահարութեան զոհ գացած է 25 տարեկան բերդապահ Ֆակունտօ Էսփիտոլա, որ ելոյթ կ՛ունենար Արժանթինի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերէն Ալմակրոյի հետ: Երբ ան իր ընկերներով կը շրջագայէր, անոր հասցէին ուղղուած են վիրաւորական արտայայտութիւններ: Տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն, ապա կռիւ, որուն ընթացքին ան դանակի հարուածներ ստանալով մահացած է: Ըստ տեղական մամուլին, կասկածներ կան, թէ...

«Լա Լիկա». 2018-2019 Տարեշրջանի Առաջին «Քլասիքօ»-ն` 28 Հոկտեմբերին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա Լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբերին, երբ 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ «Քամփ Նու»-ի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: «Քլասիքօ»-ի երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ, 3 մարտ 2019-ին, «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ (26-րդ հանգրուան): «Լա Լիկա»-ն կը սկսի 19 օգոստոսին: Գործող ախոյեան Պարսելոնա Ա. հանգրուանին կը հիւրընկալէ Ալաւեսը, մինչ Ռէալ...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Նիստ

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, նախագահութեամբ Ա. փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան: Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Լիբանանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին, որ Թարակուանայի մէջ (Սպանիա)` Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն, Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը: Որոշուեցաւ, որ պիտի կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի եւ ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար...

Ֆութպոլ. Ասիա-2019 Բաժակի Մրցաշարքին Տոմսերը Շուտով Պիտի Սկսին Վաճառուիլ

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ որ երկուշաբթի, 30 յուլիսէն սկսեալ պիտի սկսին վաճառուիլ Ասիա-2019 ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմսերը: Այդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, 5 յունուարէն 1 փետրուար 2019: Այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոր կը մասնակցին 24 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբեր: Տոմսերուն սակերը կը սկսին 10...

Էհտենի Մէջ. 26 Մոթորսիքլեթներ Մասնակցեցան Իւրայատուկ Մրցումի Մը

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն. Պուխաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Էհտեն Սթրիթ Չելընճի»- մոթորսիքլեթներու մրցումը, որ կ՛իյնայ «Էնտուրա» բաժակի մրցաշարքին 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անիկա տեղի ունեցաւ Էհտենի շրջանին մէջ` հովանաւորութեամբ տեղւոյն քաղաքապետութեան: Այս մրցումը առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ, «Քէյ-Թի.Էմ.»-ի մոթորսիքլեթներու մրցումներու շրջագիծին մէջ: Հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեան, 26 մոթորսիքլեթներու վարորդներ Էհտենի շրջանին մէջ մարզական բարձր տրամադրութեամբ մասնակցեցան...

Page 813 of 1278 1 … 812 813 814 … 1,278

Արխիւներ