Կազմակերպութեամ Պրումմանա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 28 յուլիսէն 12 օգոստոս վերոնշեալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ անոր տարեկան թենիսի մրցաշարքը:
Կազմակերպիչ ակումբի տնօրէն Նահիա Ապի Խալիլ յայտարարեց, որ արդէն իսկ սկսած են մրցաշարքին մասնակցութեան արձանագրութիւնները:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ եօթը հազար ամերիկեան տոլար` այլ մրցանակներու կողքին:



