Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան պատանեկան հաւաքականի անդամները յաջող ձեւով սկսան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է յառաջիկայ պատանեկան ողիմպիական խաղերուն համար:
Արդարեւ, Միլանոյի մէջ 15 տարեկանէն վար դասակարգի 50 քկ քաշային պայքարին մէջ, Գոռ Սահակեան երկամարտի 178 քկ արդիւնքով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Ժորա Սարգսեան, չկրցաւ մրցանակային դիրք գրաւել:



