Փիւնիկ Երեւանի հիմնական հինգ մարզիկները շատ հաւանաբար իրենց մասնակցութիւնը չկարենան բերել ղազախական Թոպոլի դէմ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազախստանի մէջ:
Հինգ մարզիկներ` Մոհամետ Քոնաթէ, Տրիսա Տիարասուպա, Պաքարա Պալթէ, Տիտիէ Քատիօ եւ Անտրիա Տրակոյեւիչ, Ղազախստան մուտքի արտօնագիր չստացան եւ մնացին Երեւանի մէջ:
Երեւանեան կազմին հետ չմեկնեցաւ նաեւ Կարլեն Մկրտչեան (հիւանդ ըլլալուն պատճառով):
Երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իսկ դարձի մրցումը` երեքշաբթի, 31 յուլիսին (Երեւանի մէջ):