Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին, որ ծանօթ է «Թուր տը Ֆրանս» անունով, երէկուան 16-րդ հանգրուանը ընդհատուեցաւ, երբ ֆրանսացի հողագործներ բողոքի ցոյցեր կատարելով արգելք հանդիսացան անոր հեզասահ ընթացքին, յայտնեց «Եուրոսփոր»-ը:
Ցուցարարները փակեցին այն ճամբան, ուրկէ պիտի անցնէին հեծելանւորդները:
Ցոյցը ցրուելու նպատակով ոստիկանները օգտագործեցին արցունքաբեր կազեր, որոնցմէ տուժեցին նաեւ մարզիկները:
Այս միջադէպին պատճառով կազմակերպիչները որոշեցին ժամանակաւորապէս դադրեցնել այս հանգրուանը, որ 15 վայրկեան ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ վերսկսաւ:
Այս հանգրուանին տիրացաւ ֆրանսացի Ժիւլիան Ալաֆիլիփ (5 ժամ 13’22”):
Այժմ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ անգլիացի Ժերեն Թոմաս (68 ժամ 12’01”):



