Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանի Մեկնարկին Ազդանշանը Կը Տրուի 4 Օգոստոսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը պիտի սկսի 4 օգոստոսին` երկու մրցումով: Անոր յաջորդող օրը եւս տեղի պիտի ունենան երկու հանդիպումներ: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Երեւանի ժամանակացոյցով). 4 օգոստոս ժամ Բանանց - Շիրակ 17:00 Լոռի - Արարատ - Արմենիա 17:00 5 օգոստոս   Արարատ - Ալաշկերտ 17:00 Փիւնիկ - Գանձասար - Կապան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ալաշկերտի Եւ Փիւնիկի Յաջորդ Հանգրուանի Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ տեղի ունեցաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հակառակ անոր որ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն, սակայն անիկա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին, ուր պիտի մրցի Սութիեւքայի դէմ (Մոնթենեկրօ): Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ մրցակիցի դաշտին վրայ, 26 յուլիսին: Մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ զուիցերիացի...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Աւարտեց Իր Ելոյթները

Հայաստանի տղոց 20 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով: Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, հայրենի կազմը իր վերջին մրցումին 75-66 արդիւնքով յաղթեց Մոլտովայի եւ ախոյեանութիւնը աւարտեց 21-րդ դիրքին վրայ: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումին լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ Ճասթին Գույումճեան (28 կէտ): Այլ գետնի վրայ, Քոսովոյի Փրիշթինա...

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական` Գերմանիոյ Մէջ

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ Կրան Փրիին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հանդիսացաւ առաջին: Հոքընհայմի այս վազքուղիին ընթացքին Հեմիլթըն, որ արձանագրեց 1 ժամ 32'29'' արդիւնք մը, յաջողեցաւ գերմանացի Սեպասթիան Վեթելէն («Ֆեռարի»), խլել վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը` 17 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: Վեթել, որ այս կրան փրիին կը...

Ռաֆայէլ Մարքեզ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մեքսիքացի յետսապահ Ռաֆայէլ Մարքեզ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 39 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ 2018-ի Մոնտիալին, դարձաւ առաջին խաղացողը, որ եղաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խմբապետը 5 տարբեր մոնտիալիներու ընթացքին: Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Պարսելոնա: Ան իր ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 տիտղոսներու (ակումբներու մակարդակով), որոնցմէ...

Ճոն Թերի Հերքեց Իր Մասին Շրջան Ընող Լուրերը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի հերքեց իր մասին շրջան ընող լուրերը, ըստ որոնց, ինք պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ասթոն Վիլայէն հեռանալէն ետք ունեցաւ ազատ մարզիկի կարգավիճակ, կը պատրաստուի վերջակէտ մը դնելու իր ասպարէզին եւ «Սքայ Սփորթց» ընկերութեան մէջ աշխատանքի մը սկսելու: Ան ըսաւ, թէ ներկայիս...

Ինիեսթայի Եւ Թորեսի Նորամուտը` Ճափոնի Մէջ

Սպանացի ֆութպոլիստներ Անտրես Ինիեսթա եւ Փեռնանտօ Թորես նախորդ շաբաթավերջին իրենց նորամուտը նշեցին Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Պարսելոնայէն Վիսել Քոպէ տեղափոխուած Ինիեսթա պարտութեամբ սկսաւ իր նորամուտը Շոնան Պելմարէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ անոր կազմը 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ: Ան դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով: Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտէն Սական Թոսուու տեղափոխուած Թորես իր կարգին պարտութեամբ սկսաւ իր նոր...

Փարիզ Սեն Ժերմենէն Պիւֆոնի Աշխատավարձը

Ֆրանսական «Լ՛եքիփ» մարզական օրաթերթը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն իր նոր ակումբէն` Փարիզ Սեն Ժերմենէն ամսական աշխատավարձ պիտի ստանայ 410 հազար եւրօ: Այսպիսով, 40 տարեկան բերդապահը մէկ տարուան ընթացքին իր կազմէն պիտի գանձէ 4,92 միլիոն եւրօ: Նախապէս հաղորդուած էր, որ ան իր կազմէն պիտի ստանայ 8 միլիոն եւրօ:

Եուվենթուս Ունեցաւ Իր Նոր Փոխադրակառքը

Իտալական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Եուվենթուսի ֆութպոլի ակումբի նոր փոխադրակառքին: Անիկա ներկուած է սեւ եւ ճերմակ գոյներով, որոնք կը խորհրդանշեն Եուվենթուսի աւանդական գոյները: Նշենք, որ այժմ Եուվենթուս կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու համար միջազգային մրցաշարքի մը:

Սոտերթելիէի Մէջ.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ակադեմիային Խումբ Մը Մարզիկները Ձեռք Ձգեցին Բացառիկ Փորձառութիւն Մը

Սոտերթելիէի Մէջ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ակադեմիային Խումբ Մը Մարզիկները Ձեռք Ձգեցին Բացառիկ Փորձառութիւն Մը

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային, յուլիս ամսուան սկիզբը Սոտերթելիէ (Շուէտ) մեկնեցան ակադեմիայէն խումբ մը մարզիկներ` մասնակցելու համար վերոնշեալ քաղաքի ակադեմիային կազմակերպած ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին: Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ եղաւ իւրայատուկ: Սոտերթելիէ մեկնած պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Աշոտ Թասլաքեան (պատուիրակութեան նախագահ), Խորէն Գուլաճեան (ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի պատասխանատու), Սագօ Էսքիճեան (մարզիչ), ինչպէս նաեւ`...

Պիչ-Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին գծով իր կատարած երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի նորաստեղծ խումբը նախորդ շաբաթավերջին կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Թապաղ-Թանպաք խումբէն: 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քֆարմելքի: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, նոյն վայրին մէջ` Ռամլեթ Պայտա:

Գոռ Մալաքեան Միացաւ Արարատ – Արմենիայի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 24 տարեկան միջնապահ Գոռ Մալաքեան միացաւ նորաստեղծ Արարատ - Արմենիա ֆութպոլի խումբին, որ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ: «Թէեւ ուքրանական քանի մը ակումբներ հետաքրքրուած էին ինձմով, սակայն եղբօրս` Էտկարի հետ խորհրդակցելով, որոշեցի ընդունիլ Արարատ-Արմենիայի առաջարկը: Ճիշդ է, որ ակումբը նոր է, բայց մեծ յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայենք անոր հետ հանդիսանալու...

Մխիթարեան Արսենալի Հետ Մեկնեցաւ Սինկափուր

Մխիթարեան Արսենալի Հետ Մեկնեցաւ Սինկափուր

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի խումբը երէկ մեկնեցաւ Սինկափուր: Սպանացի Ունայ Էմերիի գլխաւոր խումբին հետ մեկնեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Անգլիական խումբը 26 յուլիսին բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, իսկ 28 յուլիսին պիտի կատարէ բարեկամական այլ զօրաւոր ճակատում մը` ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Արսենալ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու...

37 Տարեկան Հինկիս Պսակուեցաւ

Թենիսի աշխարհին մէջ իր անունը արձանագրած եւ կրան շլեմի միջազգային հինգ տիտղոսներու տիրացած զուիցերիացի 37 տարեկան թենիսվումըն Մարթինա Հինկիս նախորդ շաբաթավերջին պսակուեցաւ 38 տարեկան մարզական բժիշկ Հերի Լեմանի հետ: Անոնց պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Պետ Ռակաց քաղաքին մէջ` ներկայութեամբ 140 հրաւիրեալներու: Հենկիս թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, հոկտեմբեր 2017-ին երրորդ անգամ ըլլալով աւարտեց իր ասպարէզը: Առաջինը եղաւ 2002-ին, իսկ...

Ռէալ Մատրիտ Ներկայացուց Վինիսիուսը

Նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս ներկայացուց խումբի պրազիլցի նորեկ Վինիսիուս Ժունիորը: 18 տարեկան յառաջապահը մատրիտեան ակումբին հետ կնքեց երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը: Արքայական ակումբը իր այս նոր ֆութպոլիստին համար պրազիլական ֆլամենկոյին վճարեց 45 միլիոն եւրօ:  

Ա. Սէ. Միլան Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբի նոր նախագահ նշանակուեցաւ 71 տարեկան իտալացի գործարար Փաուլօ Սքարոնի, որ փոխարինեց չինացի Լի Եոնհինկը: Պաշտօնանկ եղաւ նեաւ թեքնիք տնօրէն Մարքօ Ֆասոնէ: Իր ունեցած պարտքերուն պատճառով, Ա. Սէ. Միլան դարձաւ ամերիկեան «Էլիըթ Մենեճմընթ» ընկերութեան սեփականութիւնը:

Կռփամարտ. Ալեքսանտր Ուսիք Դարձաւ Աշխարհի Բացարձակ Ախոյեան` Տիրանալով Նաեւ Մոհամետ Ալիի Մրցանակին

Մոսկուայի ողիմպիական Արենային մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի մրցաշարք մը, որ աւարտեցաւ «Տապըլիու. Պի. Էս. Էս.»-ի աւարտական մրցումով: Իրարու դէմ մրցեցան առաջին ծանր քաշային կարգի` «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի սուփըր եւ «Այ. Պի. Էֆ.»-ի վարկածներով աշխարհի ախոյեան, ռուս Մուրատ Կասիեւ եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի ու «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածներով ախոյեան, ուքրանացի Ալեքսանտր Ուսիք: 12 ռաունտերէ ետք յաղթական հռչակուեցաւ ուքրանացին (120-108, 119-109...

Պիչ-Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այսօր Կը Կատարէ Իր Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին մասնակցող ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց նորաստեղծ խումբը, այսօր` շաբաթ, 21 յուլիսին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կը մրցի Թապաք - Թանպահ խումբին դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռամլեթ Պայտայի շրջանին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ վերոնշեալ շրջանը` քաջալերելու համար իրենց կազմը:

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ Յաղթահարեց Վարտարի Արգելքը

Գանձասար Կապան Եւ Բանանց Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, հայկական երեք խումբերէն երկուքը, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց միայն Փիւնիկը, մինչ Գանձասար-Կապան եւ Բանանց դուրս մնացին հետագայ պայքարէն: Փիւնիկ Երեւան յաղթահարեց Վարտարի արգելքը, երբ մրցակիցի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Պաքար Փալտէի նշանակած...

«Լա Լիկա»-ի Նախագահ. «Ռոնալտոն Հեռացաւ Բարձր Տուրքերուն Պատճառով»

Սպանական հարկերու քաղաքականութիւնը` ֆութպոլին մէջ, կը վտանգէ սպանական Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ներուժը, յայտարարեց «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս` անդրադառնալով փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տեղափոխութեան` Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս: «Իտալիոյ մէջ Ռոնալտօ աւելի շատ դրամ պիտի շահի, որովհետեւ այդտեղ տուրքերը աւելի ցած են, քան Սպանիոյ մէջ: Սպանիան վատագոյն լիկան ունի հարկերու տեսանկիւնէն: Այստեղ ֆութպոլիստներուն շահը աւելի քիչ կ՛ըլլայ: Մենք պէտք է մտածենք...

Page 814 of 1278 1 … 813 814 815 … 1,278

Արխիւներ