Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, չինական պասքեթպոլի խումբ մը` Չժեցզիան, կը փափաքի իր կազմին միացնել «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակիցներէն Տուէյն Ուէյտը:
Ակումբը 3 տարուան պայմանագրութիւն մը առաջարկած է 36 տարեկան Ուէյտի` փոխան 25 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի եռակի ախոյեանը, որուն վերջին ակումբը կը հանդիսանար Մայեմի Հիթ, ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի:
Նախապէս Ուէյտով հետաքրքրուած էր չինական այլ ակումբ մը` Սինցզիանը:



